YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 3

3
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
1Ահարոնին ու Մովսէսին ազգաբանութիւնը այս է՝ Տէրոջը Մովսէսին հետ Սինա լերանը վրայ խօսած օրը։ 2Ահարոնին որդիներուն անունները ասոնք են՝ անդրանիկը Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։ 3Ասոնք էին Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ անունները, որոնք օծուած եւ օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու։ 4Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան Տէրոջը առջեւ ու անոնք որդի չունէին, իսկ Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնին առջեւ քահանայութիւն ըրին։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍԱՀՄԱՆՈՒԻՆ
5Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 6«Ղեւիին ցեղը մօտեցուր ու զանոնք Ահարոն քահանային առջեւ կեցուր, որպէս զի անոր սպասաւորութիւն ընեն։ 7Անոր ու բոլոր ժողովուրդին պահպանութիւնը կատարեն վկայութեան խորանին առջեւ, երբ խորանին կը ծառայեն։ 8Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներն ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի կատարեն՝ խորանին ծառայելով։ 9Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են։ 10Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պէտք է կարգես, բայց մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի»։
11Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 12«Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը, ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան։ 13Քանզի ամէն անդրանիկ իմս է. երբ Եգիպտոսի մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները, մարդէն մինչեւ անասուն, սրբեցի ինծի համար։ Անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ես եմ Տէրը»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
14Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ՝ ըսելով. 15«Համրէ Ղեւիին որդիները իրենց հայրերուն տուներուն եւ իրենց ազգատոհմերուն նայելով. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արու պէտք է համրես»։ 16Մովսէս Տէրոջը խօսքին համեմատ համրեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ։ 17Եւ Ղեւիին որդիները իրենց անուններովը ասոնք էին՝ Գերսոն եւ Կահաթ ու Մերարի։ 18Գերսոնին որդիներուն անունները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Ղոբենի ու Սեմէի։ 19Եւ Կահաթին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Ամրամ եւ Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ էին։ 20Եւ Մերարիին որդիները իրենց տոհմերովը Մոողի ու Մուսի էին։ Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ասոնք էին։
21Գերսոնէն Ղոբենեաններու տոհմը եւ Սեմէեաններու տոհմը եղաւ. Գերսոնեաններու տոհմը ասոնք են։ 22Ասոնցմէ համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, եօթը հազար հինգ հարիւր էին։ 23Գերսոնեաններու տոհմերը խորանին ետեւի կողմը դէպի արեւմուտք իջեւան պիտի ընեն։ 24Եւ Գերսոնեաններուն հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափը պիտի ըլլայ։ 25Եւ վկայութեան խորանին մէջ Գերսոնին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանն ու վրանը, անոր ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը, 26Խորանին եւ սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին դրանը վարագոյրը եւ անոր բոլոր գործերուն համար պէտք եղած չուանները։
27Կահաթէ Ամրամեաններուն տոհմն ու Իսահառեաններուն տոհմը եւ Քեբրոնեաններուն տոհմն ու Ոզիէլեաններուն տոհմը։ Կահաթեաններուն տոհմերը ասոնք են՝ 28Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները ութը հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնը կ՛ընէին։ 29Կահաթին որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ 30Եւ Կահաթեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ 31Եւ անոնց պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ տապանակն ու առաջաւորութեան հացին սեղանը եւ աշտանակն ու սեղանները եւ սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտամունք կը կատարեն եւ վարագոյրն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները։ 32Եւ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը՝ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ։
33Եւ Մերարիէ Մոողեաններուն տոհմը եւ Մուսեաններուն տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիին տոհմերը։ 34Անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։ 35Եւ Մերարեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլը պիտի ըլլայ։ Ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ 36Եւ Մերարիին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ սիւներն ու խարիսխները եւ անոր բոլոր գործիքներն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները 37Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու անոնց չուանները։
38Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն վկայութեան խորանին աեջեւ դէպի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէսն ու Ահարոնը եւ անոր որդիները պէտք է ըլլան, որ սրբարանին եւ Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի ընեն, բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտարական պէտք է մեռցուի։ 39Բոլոր համրուած Ղեւտացիներուն, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէսն ու Ահարոնը համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանըերկու հազար էին։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԵՆ
40Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իսրայէլի որդիները մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները համրէ ու անոնց թիւը անուններով առ։ 41Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն՝ Ղեւտացիները ա՛ռ ինծի համար։ Ես եմ Տէրը։ Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ»։ 42Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ 43Բոլոր անդրանիկները իրենց անուններով, մէկ ամսականէն վեր համրուողները, քսանըերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունըերեք հոգի էին։
44Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 45«Իսրայէլի որդիներուն մէջ բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիներուն անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Ես եմ Տէրը։ 46Եւ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունըերեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար, 47Մարդ գլուխ հինգ սիկղ առ՝ սրբարանին սիկղին համեմատ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ 48Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տո՛ւր»։ 49Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ։ 50Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ՝ հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ։ 51Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս՝ փրկուածներուն ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուաւ՝ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 3