YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 36

36
ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
1Յովսէփին որդիներուն տոհմերէն Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան ու Մովսէսին առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն նահապետական իշխաններուն առջեւ խօսեցան 2Ու ըսին. «Տէրը մեր տիրոջը հրամայեց, որ ժառանգութեան երկիրը վիճակով բաժնէ Իսրայէլի որդիներուն ու Տէրը մեր տիրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։ 3Արդ՝ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներէն տարբեր ցեղի մը որդիներուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի զատուի ու ո՛ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի բաժնուի։ 4Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին՝ անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի զատուի»։
5Մովսէս Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Յովսէփին որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի։ 6Սալպաադին աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. ‘Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, այն պայմանով որ ընտրածը հօրը ցեղէն ըլլայ. 7Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէն ուրիշ ցեղի չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներէն ամէնքն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պէտք է տիրանան։ 8Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգորդ կ’ըլլայ, պէտք է իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կինը ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներէն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ։ 9Ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղի չանցնի, բայց Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի’»։
10Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։ 11Քանզի Սալպաադի աղջիկները՝ Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։ 12Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին եւ ազգատոհմին մէջ մնաց։
13Ասոնք են այն պաուիրանքներն ու կանոնները, որոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովսէսին միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 36: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 36