YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 35

35
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
1Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեանը կալուածքէն Ղեւտացիներուն բնակելու քաղաքներ տան. նաեւ քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները տան Ղեւտացիներուն։ 3Եւ քաղաքները՝ բնակութեան համար, իսկ արուարձանները անոնց արջառներուն հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար։ 4Ու Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներուն արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս, շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն պէտք է ունենան։ 5Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն պէտք է չափէք, իսկ քաղաքը մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլալու են։ 6Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներէն վեցը իբր ապաստանի քաղաք որոշեցէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ քառասունըերկու քաղաք ալ տուէք։ 7Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքները քառասունըութը հատ ըլլալու են, իրենց արուարձաններով։ 8Եւ այն քաղաքները, որոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն՝ շատ, քիչուոր եղողէն քիչ պէտք է առնէք։ Ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացիներուն պարտի տալ»։
ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐ
(Բ. Օր. 19:1-13, Յես. 20:1-9)
9Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10«Իսրայէլի որդիներուն խօսի՛ր ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցիք, 11Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։ 12Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպանողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։ 13Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։ 14Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը ու միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։ 15Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։
16Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա իբրեւ մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 17Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ ու մեռցնէ, անիկա իրապէս մարդասպան է եւ անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 18Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ ու մեռցնէ, անիկա ալ որպէս մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 19Արեան վրէժխնդիրը կրնայ մեռցնել մարդասպանը։ Երբ անոր հանդիպի՝ թող մեռցնէ զանիկա։ 20Եթէ մէկը թշնամութեամբ հրէ ուրիշ մը ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով՝ զանիկա մեռցնէ 21Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր ու ան մեռնի, զարնողը անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Անիկա մարդասպան է։ Արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի՝ զանիկա կրնայ մեռցնել։
22Բայց եթէ պատահմամբ ու առանց թշնամութեան ուրիշ մը հրէ կամ թէ առանց նենգութեան ուրիշի մը վրայ գործիք մը նետէ 23Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ոեւէ մահառիթ քար մը ձգէ ու զայն մեռցնէ եւ քանի որ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր ուզեր, 24Այն ատեն ժողովը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան թող ընէ։ 25Ժողովը թող ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն ու զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստան քաղաքը թող դարձնէ։ Անիկա հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։ 26Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստան քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլէ 27Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ եւ արեան վրէժխնդիրը՝ սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, պէտք չէ մահապարտ սեպուի 28Որովհետեւ սպաննողը իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր- բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ։ 29Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։
30Ով որ մարդ մեռցնէ, սպաննողը վկաներու ցուցմունքով պէտք է մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ։ 31Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է։ 32Ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ ու նստի քահանայապետին մահէն առաջ։ 33Ուստի ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը ու անոր թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քաւութիւն չըլլար, բայց միայն սպաննողին արիւնովը։ 34Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, որուն մէջ ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 35: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 35