YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 1

1
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
1Ասոնք են այն խօսքերը, որոնք Մովսէս բոլոր Իսրայէլին խօսեցաւ Յորդանանի ասդիի կողմը անապատին մէջ, որ Սուփի առջեւի դաշտը՝ Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղն է։ 2(Քորեբէն մինչեւ Կադէս-Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով։) 3Արդ՝ քառասուներորդ տարին տասնըմէկերորդ ամսուան առաջին օրը՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց ինչ որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։ 4Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթին ու Եդրայիին մէջ բնակող Բասանին Ովգ թագաւորը զարնելէն ետքը, 5Յորդանանի ասդիի կողմը Մովաբի երկրին մէջ Մովսէս սկսաւ այս օրէնքը յայտնել՝ ըսելով.
6«Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Այս լեռը կենալնիդ հերիք է։ 7Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամօրհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտերը, լեռներն ու հովիտները եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը ու Լիբանան, մինչեւ մեծ գետը՝ Եփրատ։ 8Ահա այն երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Գացէ՛ք ու ժառանգեցէ՛ք այն երկիրը, որ Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ որ տայ անոնց ու անոնցմէ ետքը անոնց զաւակներուն’։
ՄՈՎՍԷՍ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԿԱՐԳԷ
(Ելից 18:13-27)
9Այն ատեն ես ձեզի խօսեցայ ու ըսի. ‘Ես մինակ չեմ կրնար ձեզ տանիլ, 10Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ շատցուց եւ ահա դուք այսօր երկնքի աստղերուն չափ շատ էք։ 11Ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզ հազարապատիկ աւելի շատցնէ ու ձեզի ըսածին պէս՝ ձեզ օրհնէ։ 12Ես մինակ ի՞նչպէս կրնամ ձեր նեղութիւնը, ձեր բեռն ու հակառակութիւնը կրել։ 13Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ’։ 14Իսկ դուք ինծի պատասխան տուիք ու ըսիք. ‘Այդ ըսած խօսքդ ընելը աղէկ է’։ 15Ուստի ես ձեր ցեղերուն երեւելիները, իմաստուն ու անուանի մարդիկը առի եւ զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեցի, այսինքն ձեր ցեղերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ ու ոստիկաններ։
16Եւ ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։ 17Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի ներկայացուցէք, որպէս զի զանիկա մտիկ ընեմ’»։ 18Այն ատեն ձեր բոլոր ընելիքները ձեզի պատուիրեցի։
ԿԱԴԷՍ-ԲԱՌՆԵԱՅԷՆ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻՆ
(Թուոց 13:1-33)
19Ետքը Քորեբէն չուեցինք ու ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, Ամօրհացիներուն լերանը ճամբով՝ այն ձեր տեսած բոլոր մեծ ու ահագին անապատէն անցանք ու մինչեւ Կադէս-Բառնեայ եկանք։ 20Ձեզի ըսի. ‘Դուք Ամօրհացիներուն լեռը եկաք, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ։ 21Նայէ՛, քու Տէր Աստուածդ երկիրը քեզի տուաւ. ուրեմն ելի՛ր, ժառանգէ՛ զանիկա, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրի՛ր։
22Դուք ամէնքդ իմ քովս եկաք ու ինծի ըսիք. ‘Մեզմէ առաջ մարդիկ ղրկենք, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլենք ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնենք’։ 23Այս խօսքը ինծի հաճելի թուելով, ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ ցեղէն մէկ մարդ։ 24Անոնք գացին, լեռը ելան ու մինչեւ Եսքողի ձորը հասան։ Այն երկիրը լրտեսեցին։ 25Այն երկրին պտուղէն ձեռքերնին առնելով մեզի բերին ու մեզի պատմեցին՝ ըսելով. ‘Աղէկ է այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի կու տայ’։ 26Բայց դուք չուզեցիք ելլել ու ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին դէմ դրիք։ 27Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. «Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնէ ու մեզ կորսնցնէ։ 28Ո՞ւր պիտի ելլենք. մեր եղբայրները մեր սրտերը #1:28 Եբր. հալեցուցինթուլցուցին, որովհետեւ ըսին. ‘Այն ազգը մեզմէ մեծ ու բարձրահասակ է, քաղաքները մեծ ու մինչեւ երկինք պարսպապատ են ու հոն նաեւ Ենակին որդիները տեսանք’։ 29Բայց ես ձեզի ըսի. ‘Մի՛ զարհուրիք ու անոնցմէ մի՛ վախնաք. 30Ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեր առջեւէն կ’երթայ, անիկա ձեզի համար պիտի պատերազմի, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ ձեր աչքերուն առջեւ ըրաւ։ 31Անապատին մէջ ալ տեսաք թէ՝ ինչպէս մարդ մը իր զաւակը կը տանի, ձեր Տէր Աստուածն ալ ձեր բոլոր քալած ճամբաներուն մէջ մինչեւ այստեղ ձեզ այնպէս բերաւ’։ 32Ասով ալ ձեր Տէր Աստուծոյն չհաւատացիք։ 33Թէեւ ճամբուն մէջ ձեր առջեւէն կ’երթար ձեզի իջեւանելու տեղ փնտռելու համար, գիշերը կրակի մէջ երթալու ճամբանիդ ձեզի ցուցնելով ու ցորեկն ալ ամպի մէջ։
ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ
(Թուոց 14:20-45)
34Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսելով բարկացաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. 35‘Այս մարդոցմէն, այս անօրէն ազգէն, ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն տալու երդում ըրի. 36Բայց միայն Յեփոնէին որդին Քաղէբը պիտի տեսնէ զայն ու անոր կոխած երկիրը իրեն ու իր որդիներուն պիտի տամ, որովհետեւ անիկա կատարելապէս Տէրոջը հետեւցաւ’։ 37Ձեզի համար Տէրը ինծի ալ բարկացաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ալ հոն պիտի չմտնես 38Այլ քու #1:38 Եբր., առջեւդ կայնողըսպասաւորդ, Նաւէին որդին Յեսու, անիկա հոն պիտի մտնէ։ Զօրացո՛ւր զանիկա, վասն զի անիկա Իսրայէլը պիտի տանի, որ ժառանգէ այդ երկիրը։ 39Այն ձեր պզտիկ տղաքը, որոնց համար կ’ըսէիք թէ աւար պիտի ըլլան ու այն ձեր որդիները, որոնք այսօր աղէկն ու գէշը չեն ճանչնար, անոնք պիտի մտնեն հոն. անոնց պիտի տամ այն երկիրը ու անոնք պիտի ժառանգեն զայն։ 40Բայց դուք ետ դարձէք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցէք’։
41Ետքը դուք պատասխան տուիք ու ինծի ըսիէ. ‘Մենք Տէրոջը առջեւ մեղք գործեցինք. մենք պիտի ելլենք ու պատերազմինք, ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեց’։ Ամէն մէկդ իր պատերազմական զէնքը առնելով, #1:41 Կամ, հաւաքուեցաք եւ կամ, պատրաստութիւն տեսաքթեթեւամտութեամբ ուզեցիք՝ ՝ լեռը ելլել։ 42Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անոնց ըսէ՛, Մի՛ ելլէք ու մի՛ պատերազմիք, քանզի ես ձեր մէջ չեմ. չըլլայ որ ձեր թշնամիներուն առջեւ ջարդուիք’։ 43Ես ալ ձեզի խօսեցայ, բայց դուք մտիկ չըրիք, հապա Տէրոջը հրամանին դէմ դրիք եւ յամառութիւն ընելով լեռը ելաք։ 44Ու այն լերանը վրայ բնակող Ամօրհացիները մեղուներու պէս ձեր դէմը ելլելով ձեզ հալածեցին ու Սէիրի մէջ ձեզ զարկին մինչեւ Հօրմա։ 45Այն ատեն դառնալով Տէրոջը առջեւ լացիք, սակայն Տէրը ձեր ձայնը չլսեց ու ձեզի ականջ չդրաւ։ 46Կադէսի մէջ կեցաք, որչափ օրեր որ հոն էիք»։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in