YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 34

34
ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Իսրայէլի որդիներուն պատուիրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, երբ դուք Քանանի երկիրը մտնէք (այն երկիրը որ պիտի ժառանգէք, այսինքն Քանանի երկիրը իր սահմաններովը) 3Ձեր հարաւային կողմը Սին անապատէն մինչեւ Եդովմ պէտք է ըլլայ եւ ձեր հարաւային սահմանագիծը արեւելքէն՝ Աղի ծովուն ծայրէն պէտք է #34:3 Եբր., ըլլայսկսի 4Ու ձեր հարաւային սահմանը Ակրաբիմի զառիվերը պտըտելով մինչեւ Սին պէտք է հասնի ու անկէ ելնելով Կադէս-Բառնեայի հարաւային կողմը երթայ ու Ասար-Ադդարէն ելնելով Ասեմոն պէտք է հասնի 5Եւ Ասեմոնէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պտըտելով՝ ծովուն մէջ լմննայ։
6Իսկ ձեր արեւմտեան սահմանը մեծ ծովը պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ձեր արեւմտեան սահմանն է։
7Ձեր հիւսիսային սահմանը մեծ ծովէն մինչեւ Հովր լեռը պէտք է նշանակէք. 8Հովր լեռնէն մինչեւ Եմաթ ու անկէ սահմանը մինչեւ Սեդադ պէտք է հասնի։ 9Այն սահմանը մինչեւ Զեփրոն ելլէ ու Ասար-Ենանի մէջ լմննայ։ Ասիկա է ձեր հիւսիսային սահմանը։
10Ձեր արեւելեան սահմանին համար Ասար-Ենանէն մինչեւ Սեփամ պէտք է նշանակէք։ 11Այս սահմանը Այինի արեւելեան կողմէն՝ Սեփամէն Ռեբղա պէտք է իջնէ ու արեւելքի կողմէն իջնելով՝ մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը պէտք է հասնի։ 12Այս սահմանը Յորդանան պէտք է իջնէ ու Աղի ծովուն մէջ վերջանայ։ Այս է ձեր երկիրը իր շրջակայ սահմաններովը»։
13Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Ասիկա է այն երկիրը, որ դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը հրամայեց, որ իննուկէս ցեղի տրուի. 14Քանզի Ռուբէնին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ու Գադին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ եւ Մանասէին կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին։ 15Այս երկուք ու կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին Երիքովի դէմ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի Արեւելք»։
ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ
16Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17«Ասոնք են այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ժառանգութեան համար պիտի բաժնեն՝ Եղիազար քահանան ու Նաւէին որդին Յեսու 18Եւ ամէն ցեղէ ալ մէկ իշխան առէ՛ք այն ժառանգութիւնը բաժնելու համար։ 19Եւ այն մարդոց անունները ասոնք են՝ Յուդայի ցեղէն Յեփոնէին որդին Քաղէբ, 20Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն Ամիուդին որդին Սամուէլ, 21Բենիամինի ցեղէն Քաղսօնին որդին Ելդադ, 22Դանի որդիներուն ցեղէն իշխան Եգղիին որդին Բոկկի, 23Յովսէփի որդիներէն Մանասէի որդիներուն ցեղէն իշխան Եփօտին որդին Անիէլ 24Ու Եփրեմի որդիներուն ցեղէն իշխան Սափաթանին որդին Կամուէլ 25Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղէն իշխան Փառնակին որդին Եղիսափան 26Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղէն իշխան Ազանի որդին Փաղտիէլ 27Ու Ասերի որդիներուն ցեղէն իշխան Սելօմիին որդին Աքիուդ 28Ու Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղէն իշխան Ամիուդին որդին Փադայէլ։ 29Ասոնք են այն մարդիկը՝ որոնց Տէրը հրամայեց, որ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը բաժնեն»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 34: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 34