ԹՈՒՈՑ 33
33
ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ՄՈՎԱԲ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
1Մովսէսին ու Ահարոնին միջոցով Եգիպտոսի երկրէն իրենց զօրքերովը ելլող Իսրայէլի որդիներուն իջեւանները ասոնք են։ 2Եւ Մովսէս Տէրոջը հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց ու անոնց գնացքներուն համեմատ անոնց իջեւանները ասոնք են։ 3Առաջին ամսուան մէջ, այսինքն առաջին ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Ռամսէսէն չուեցին. զատկին հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիները յաղթականօրէն ելան բոլոր Եգիպտացիներուն աչքին առջեւ, 4Երբ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը թաղէին, քանզի Տէրը անոնց բոլոր անդրանիկները ջարդեց եւ Տէրը անոնց աստուածներուն վրայ դատաստան ըրաւ։
5Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն չուելով՝ Սոկքովթ իջեւան ըրին։ 6Ու Սոկքովթէն չուելով՝ անապատին ծայրը եղած Ոթոմը իջեւան ըրին։ 7Եւ Ոթոմէն չուելով դէպի Փիաիրօթ դարձան, որ Բէեղսեփոնին դէմն է ու Մագդողին առջեւ իջեւան ըրին։ 8Եւ Փիաիրօթի առջեւէն չուելով ու ծովուն մէջէն անցնելով՝ անապատը եկան եւ Ոթոմին անապատին մէջ երեք օրուայ ճամբայ քալելով Մեռա իջեւան ըրին։ 9Եւ Մեռայէն չուելով՝ Եղիմ եկան ու Եղիմի մէջ տասներկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կային ու հոն իջեւան ըրին։ 10Եւ Եղիմէն չուելով Կարմիր ծովուն քով իջեւան ըրին։ 11Եւ Կարմիր ծովէն չուելով՝ Սին անապատը իջեւան ըրին։ 12Եւ Սին անապատէն չուելով Դափկա իջեւան ըրին։ 13Եւ Դափկայէն չուելով Եղուս իջեւան ըրին։ 14Ու Եղուսէն չուելով Ռափիդիմ իջեւան ըրին ու հոն ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար։ 15Եւ Ռափիդիմէն չուելով Սինայի անապատը իջեւան ըրին։ 16Ու Սինայի անապատէն չուելով Կիբրօթ-Հաթթավա իջեւան ըրին։ 17Եւ Կիբրօթ-Հաթթավայէն չուելով Ասերովթ իջեւան ըրին։ 18Ու Ասերովթէն չուելով Ռաթամա իջեւան ըրին։ 19Եւ Ռաթամայէն չուելով Ռեմօն-Փարէս իջեւան ըրին։ 20Ու Ռեմօն-Փարէսէն չուելով Լեբնա իջեւան ըրին։ 21Եւ Լեբնայէն չուելով Ռէսսա իջեւան ըրին։ 22Ու Ռէսսայէն չուելով Կէէլաթա իջեւան ըրին։ 23Եւ Կէէլաթայէն չուելով Սօփար լեռը իջեւան ըրին։ 24Ու Սօփար լեռնէն չուելով Քարադա իջեւան ըրին։ 25Եւ Քարադայէն չուելով Մակեղօթ իջեւան ըրին։ 26Եւ Մակեղօթէն չուելով Թաաթ իջեւան ըրին։ 27Եւ Թաաթէն չուելով Թարա իջեւան ըրին։ 28Ու Թարայէն չուելով Մատեկա իջեւան ըրին։ 29Եւ Մատեկայէն չուելով Հասմօնա իջեւան ըրին։ 30Ու Հասմօնայէն չուելով Մօսերօթ իջեւան ըրին։ 31Եւ Մօսերօթէն չուելով Բանէ-Յական իջեւան ըրին։ 32Ու Բանէ-Յականէն չուելով Հօրգադգադ իջեւան ըրին։ 33Ու Հօրգադգադէն չուելով Ետեբաթա իջեւան ըրին։ 34Ու Ետեբաթայէն չուելով Եբրօնա իջեւան ըրին։ 35Ու Եբրօնայէն չուելով Գասիոն-Գաբեր իջեւան ըրին։ 36Եւ Գասիոն-Գաբերէն չուելով Սին անապատը, այսինքն Կադէս իջեւան ըրին։
37Եւ Կադէսէն չուելով Հովր լեռը իջեւան ըրին, որ Եդովմի երկրին ծայրն է։ 38Ու Ահարոն քահանան Տէրոջը հրամանովը Հովր լեռը ելաւ եւ հոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն քառասուներորդ տարուան հինգերորդ ամսուան առաջին օրը։ 39Եւ Ահարոն Հովր լերանը վրայ մեռած ատեն հարիւր քսանըերեք տարեկան էր։
40Եւ Քանանի երկրին հարաւային կողմը բնակող Արադի #33:40 Կամ, ՔանանացիՔանանիս թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն գալը լսեց։
41Եւ Հովր լեռնէն չուելով Սելմօնա իջեւան ըրին։ 42Ու Սելմօնայէն չուելով Փունոն իջեւան ըրին։ 43Ու Փունոնէն չուելով՝ Ոբովթ իջեւան ըրին։ 44Եւ Ոբովթէն չուելով Մովաբի սահմանին մէջ եղող Իյէ-Աբարիմ իջեւան ըրին։ 45Եւ Իյէ-Աբարիմէն չուելով Դեբոն-Գադ իջեւան ըրին։ 46Ու Դեբոն-Գադէն չուելով Գելմոն-Դէբլաթէմ իջեւան ըրին։ 47Ու Գելմոն-Դեբլաթէմէն չուելով Նաբաւի առջեւ Աբարիմի լեռները իջեւան ըրին։ 48Եւ Աբարիմի լեռներէն չուելով Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին։ 49Ուստի անոնք Յորդանանի մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին՝ Բեթեսիմօթէն մինչեւ Աբէլսատիմ։
ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ԱՆՑՆԵԼԷ ԱՌԱՋ
50Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 51«Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Երբ Յորդանանէն Քանանցիներուն երկիրը անցնիք, 52Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտեցէք ու անոնց բոլոր պատկերաւոր կոթողները կործանեցէք եւ անոնց բոլոր թափծու կուռքերը կործանեցէք ու անոնց բոլոր բարձր տեղերը փլցուցէք։ 53Եւ այն երկիրը ձեր իշխանութեանը տակ անցընելով՝ անոր մէջ բնակեցէք, քանզի այն երկիրը ձեզի տուի, որպէս ժառանգ։ 54Եւ այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ. ձեր հայրերուն սերունդներուն համեմատ պէտք է ժառանգէք։ 55Բայց եթէ այն երկրին բնակիչները ձեր առջեւէն չվռնտէք, այն ատեն անոնցմէ ով որ ողջ թողուցած էք, ձեր աչքերուն փուշ ու ձեր կողերուն տատասկ պիտի ըլլան ու ձեր բնակած երկրին մէջ ձեզի թշնամութիւն պիտի ընեն։ 56Եւ ինչ որ մտածեր էի անոնց ընել, նոյնը պիտի ընեմ ձեզի։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 33: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.