YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 32

32
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՑԵՂԵՐԸ
(Բ. Օր. 3:12-22)
1Գադին որդիները ու Ռուբէնին որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի տեսնելով որ Յազերի երկիրը ու Գաղաադի երկիրը անասուն պահելու յարմար տեղ են, 2Գադի որդիները ու Ռուբէնի որդիները գացին ու Մովսէսին, Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին իշխաններուն հետ խօսելով՝ ըսին. 3«Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեփոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ ու Բէան՝ 4Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է ու քու ծառաներդ շատ անասուններ ունին. 5Ուստի, եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ տուր որպէս կալուածք եւ մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։
6Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։ 7Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։ 8Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։ 9Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։ 10Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. 11‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդուն ըրի որ տամ, 12Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հանզանդեցան։ 13Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորվին սպառեցաւ։ 14Ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք՝ մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս՝ որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք։ 15Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք’»։
16Անոնք մօտեցան անոր ու ըսին. «Մենք այստեղ միայն կ’ուզենք մեր անասուններուն համար փարախներ ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինել, 17Բայց մենք պատրաստ ենք զէնքերնիս առնել ու Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթալ, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք եւ մեր ընտանիքները պարսպապատ քաղաքներու մէջ պիտի բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառով 18Ու մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չդառնանք, 19Քանզի մենք Յորդանանի անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք ինկած է»։
20Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ այսպէս ընէք ու Տէրոջը առջեւ պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք 21Եւ Տէրոջը առջեւ դուք ամէնքդ ալ զէնքերով Յորդանանէն անցնիք, մինչեւ որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ, 22Եւ այն երկիրը Տէրոջմէ նուաճուի, անկէ յետոյ երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ անմեղ կ’ըլլաք. այն ատեն այս երկիրը Տէրոջը առջեւ ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ։ 23Բայց եթէ այսպէս չընէք, Տէրոջը դէմ մեղք գործած պիտի ըլլաք ու գիտցէք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։ 24Արդ ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, բայց ձեր խոստումը կատարեցէք»։
25Եւ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք։ 26Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերն ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող մնան. 27Բայց ծառաներդ մեր տիրոջը ըսածին պէս՝ ամէնքս ալ գունդ գունդ պիտի պատրաստուինք ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար»։
28Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէին որդիին Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով 29Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները Տէրոջը առջեւ ամէնքն ալ պատերազմի համար պատրաստուած՝ ձեզի հետ Յորդանանէն անցնին ու այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, այն ատեն Գաղաադի երկիրը անոնց կալուածք պէտք է տաք. 30Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքն ալ Քանանի երկրին մէջ պիտի ըլլայ»։ 31Իսկ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց՝ այնպէս պիտի ընենք։ 32Մենք զէնքերնիս առած՝ Տէրոջը առջեւէն Քանանի երկիրը պիտի անցնինք, որպէս զի մեր ժառանգելիք կալուածքը Յորդանանի ասդիի կողմը ըլլայ»։ 33Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէին կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը։
34Գադին որդիները պարսպապատ քաղաքներ շինեցին՝ այսինքն Դեբոնը, Ատարովթն ու Արոէրը 35Եւ Ատրօթ-Սովփանը, Յազերն ու Յօգբէհան 36Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը եւ հօտերու փարախներ ալ շինեցին։
37Ռուբէնին որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին 38Ու Նաբաւը եւ Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման ու իրենց շինած քաղաքներուն #32:38 Կամ, ուրիշ անուններիրենց անունները՝ ՝ դրին։
39Եւ Մանասեան Մաքիրին որդիները Գաղաադ գացին ու առին զանիկա եւ անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին։ 40Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրին, որ հոն բնակեցաւ։ 41Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ ու զանոնք #32:41 Այսինքն, Յայիրի գիւղաքաղաքներըՀաւօթ-Յայիր՝ ՝ անուանեց։ 42Եւ Նոբահ գնաց ու Կանաթը ու անոր գիւղերը առաւ եւ զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 32: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in