YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 31

31
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը ա՛ռ ու ապա քու ժողովուրդիդ խառնուէ»։ 3Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ձեզմէ մարդիկ թող պատրաստուին պատերազմի համար ու Մադիամի վրայ երթան, որ Մադիամէն Տէրոջը վրէժը առնեն։ 4Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի պէտք է ղրկէք»։ 5Իսրայէլի ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցա. այսինքն տասներկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուեցան։ 6Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր ցեղէն հազարական մարդ ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենեհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթներն ու ազդարարութեան փողերը։ 7Եւ Մադիանացիներու դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին 8Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամի թագաւորներն ալ՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռօբէն՝ Մադիամի հինգ թագաւորները սպաննեցին ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին։ 9Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացիներու կիներն ու տղաքները գերի առին ու անոնց բոլոր անասունները եւ հօտերն ու ստացուածքը աւար առին։ 10Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքներն ու բոլոր գիւղերը կրակով այրեցին։ 11Եւ բոլոր աւարն ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչեւ անասուն։ 12Եւ գերիներն ու կողոպուտը եւ աւարը Մովսէսին, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին, բանակը բերին, որ Երիքովի դէմ՝ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։
ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
13Մովսէս ու Եղիազար քահանան եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։ 14Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրքերուն իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ 15Եւ անոնց ըսաւ. «Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք։ 16Ահա Բաղաամին #31:16 Եբր., խօսքովըխրատովը ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ։ 17Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արու մեռցուցէք ու այն աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած են՝ արուի հետ պառկելով՝ մեռցուցէք։ 18Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած չեն՝ արուի հետ չեն պառկած՝ ձեզի համար ողջ թողուցէք։ 19Եւ դուք եօթը օր բանակէն դուրսը մնացէ՛ք։ Ով որ մարդ մեռցուցեր է եւ ով որ մեռածի դպեր է երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։ 20Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթէ շինուած աման եւ այծի մազէ շինուած ամէն բան ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէ՛ք»։
21Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ. «Ասիկա է այս օրէնքը, որ Տէրը Մովսէսին հրամայեց։ 22Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը, 23Ամէն բան, որ կրնայ կրակի դիմանալ կրակէ անցուցէք, որ մաքուր ըլլայ, սակայն կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ անցուցէք։ 24Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուացէք, որ մաքուր ըլլաք ու ետքը բանակին մէջ մտնէք»։
ԱՒԱՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ
25Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26«Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովուրդին նահապետական իշխաններուն հետ՝ առնուած կողոպուտին գումարը ա՛ռ՝ մարդէ մինչեւ անասուն։ 27Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովուրդին հաւասարապէս բաժնէ։ 28Պատերազմողներէն Տէրոջը հասը ա՛ռ՝ հինգ հարիւրէն մէկը՝ թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ՛ ոչխարներէն։ 29Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պէտք է առնես ու Եղիազար քահանային տաս իբրեւ Տէրոջը ընծայ։ 30Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ յիսունէն մէկը՝ ա՛ռ, թէ՛ մարդոցմէ, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն եւ թէ՛ ամէն անասուններէ ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տո՛ւր»։ 31Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսին հրամայածին պէս ըրին։
32Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին #31:32 Կամ, մնացորդը եւ կամ, բազմութիւնըգումարը այս էր՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար, 33Եօթանասունըերկու հազար արջառ 34Ու վաթսունըմէկ հազար էշ 35Եւ մարդոցմէն՝ այր մարդու անկողին չգիտցող աղջիկները երեունըերկու հազար հոգի էին։
36Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր՝ ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր 37Որմէ Տէրոջը հասը՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ 38Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունըերկու արջառ եղաւ 39Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու եղաւ։ 40Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու հոգի եղաւ։ 41Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր։
42Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, որ Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ։ 43Եւ ժողովուրդին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար, 44Երեսունըվեց հազար արջառ, 45Երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ 46Ու տասնըվեց հազար հոգի էր։ 47Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ թէ՛ մարդէն, թէ՛ անասունէն՝ յիսունէն մէկը առնելով, Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր։
48Զօրքին վերակացուները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսին մօտեցան 49Ու Մովսէսին ըսին. «Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ։ 50Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք՝ Տէրոջը ընծայ բերինք՝ ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատանիներ, օղեր ու #31:50 Կամ, լանջագեղ կամարներմանեակներ, որ Տէրոջը առջեւ մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք»։ 51Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին։ 52Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։ 53(Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար կողոպուտ առեր էր։) 54Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին եւ վկայութեան խորանը բերին, Տէրոջը առջեւ որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 31: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 31