ԹՈՒՈՑ 30
30
ՈՒԽՏԵՐՈՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Մովսէս Իսրայէլի որդիներու ցեղերու իշխաններուն խօսեցաւ՝ ըսելով. 2«Տէրոջը պատուիրածը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ։
3Կամ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ 4Եւ անոր հայրը անոր ուխտն ու խոստումը լսէ եւ անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու անոր բոլոր խոստումներն ալ պիտի հաստատուին։ 5Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերն ու խոստումները անվաւեր պիտի ըլլան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը անոր հակառակած էր։
6Կամ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն ելած խոստումը անխորհուրդ խօսք մը եղած ըլլալով ամուսնանայ 7Ու անոր այրը լսէ եւ լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու իր խոստումները պիտի հաստատուին։ 8Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտն ու շրթունքներուն անխորհուրդ խօսքը որով խոստացեր էր՝ անվաւեր կը դառնան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։
9Բայց որբեւարիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր խոստումը հաստատ պիտի մնայ։ 10Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած կամ երդումով խոստացած էր 11Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր եւ հակառակած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու խոստումները հաստատ պիտի մնան։ 12Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու խոստումի համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։ 13Կնոջ մը ամէն ուխտ ու անձը խոնարհեցնելու համար խոստումի երդում անոր այրը կրնայ հաստատել կամ կրնայ խափանել։ 14Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն ամէն ուխտերն ու խոստումները հաստատուած կըլլան, քանի որ բան մը ըսած չէր։ 15Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։
16Էրկան մը եւ անոր կնոջ մէջտեղ եւ հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 30: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.