ԹՈՒՈՑ 29
29
ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ղեւտ. 23:23-25)
1Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Փող հնչեցնելու օր պիտի ըլլայ։ 2Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պէտք է մատուցանէք։ 3Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար՝ երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար՝ երկու տասնորդ 4Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ 5Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք 6Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պիտի մատուցանէք։ Ամսագլխու ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ մշտնջենական ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ ասոնց ըմպելի նուէրները մատուցանելէն զատ։
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ղեւտ. 23:26-32)
7Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք։ Ամենեւին գործ մը պիտի չընէք։ 8Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 9Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակի համար՝ երկու տասնորդ, մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ, 10Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի ըլլայ։ 11Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, բացի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու անոնց ըմպելի նուէրներէն։
ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ղեւտ. 23:33-44)
12Եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պիտի չընէք։ Եօթը օր Տէրոջը տօն պէտք է պահէք։ 13Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասնըերեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 14Անոնց հացի ընծան տասնըերեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար երեք տասնորդ ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ 15Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ 16Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն եւ ըմպելի նուէրէն զատ։
17Երկրորդ օրը տասներկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 18Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 19Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
20Երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 21Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 22Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
23Չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ պէտք է մատուցանէք։ 24Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 25Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենաւոր ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
26Հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 27Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 28Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
29Վեցերորդ օրը ութը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 30Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 31Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք. մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
32Եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պիտի մատուցանէք 33Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 34Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
35Ութերորդ օրը տօնախմբութեան օր է, բնաւ ծառայական գործ մը պէտք չէ ընէք։ 36Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ պէտք է մատուցանէք 37Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են 38Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
39Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, ըմպելի նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։
40Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց այն ամէնը, որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 29: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.