YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 2

2
ԻՋԵՒԱՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն. վկայութեան խորանին դէմ շուրջանակի։
3Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք իջեւան ընողները Յուդային բանակին #2:3 Եբր., դրօշակը ըլլայզօրքերը թող ըլլան՝ ՝ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ամինադաբի որդին Նաասոնը Յուդային որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ 4(Եւ անոր համրուած զօրքը եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։) 5Եւ անոր քով իջեւան ընողները Իսաքարին ցեղը պիտի ըլլայ եւ Սովգարի որդին Նաթանայէլը Իսաքարի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ 6(Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 7Ետքը Զաբուղոնին ցեղը եւ Քեղոնի որդին Եղիաբը Զաբուղոնի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ 8(Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 9(Յուդային բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր ութսունըվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն պիտի չուեն։
10Հարաւային կողմը Ռուբէնին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ռուբէնին որդիներուն իշխան՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուրը պիտի ըլլայ։ 11(Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) 12Եւ անոր քով իջեւան ընողները Շմաւոնին ցեղը պիտի ըլլայ ու Շմաւոնին որդիներուն իշխան՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը պիտի ըլլայ։ 13(Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։) 14Ու ետքը Գադին ցեղը եւ Գադի որդիներուն իշխան՝ Դագուէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ 15(Անոր համրուած զօրքը քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։) 16(Ռուբէնին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր յիսունըմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին։) Եւ երկրորդ ասոնք պիտի չուեն։
17Ետքը Ղեւտացիներու բանակին հետ բանակներուն մէջտեղը վկայութեան խորանը պիտի չուէ. ամէն մարդ իր տեղը իրենց դրօշակներուն քով ինչպէս իջեւան ըրին, այնպէս պիտի չուեն։
18Արեւմտեան կողմը Եփրեմին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը ու Եփրեմի որդիներուն իշխան՝ Ամիուդի որդին Եղիսաման պիտի ըլլայ։ 19(Եւ անոր համրուած զօրքը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) 20Եւ անոր քով Մանասէին ցեղը ու Մանասէին որդիներուն իշխան՝ Փադասուրի իշխան Գամաղիէլը պիտի ըլլայ։ 21(Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։) 22Ու ետքը Բենիամինին ցեղը եւ Բենիամինին որդիներուն իշխան՝ Գեդէօնին որդին Աբիդանը պիտի ըլլայ։ 23(Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 24(Եփրեմին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ հարիւր ութը հազար հարիւր հոգի էին։) Եւ երրորդ ասոնք պիտի չուեն։
25Հիւսիսային կողմը Դանին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Դանի որդիներուն իշխան՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզերը պիտի ըլլայ։ 26(Եւ անոր համրուած զօրքը վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։) 27Եւ անոր քով իջեւան ընողները Ասերին ցեղը պիտի ըլլայ ու Ասերի որդիներուն իշխան՝ Եքրանի որդին Փագիէլը պիտի ըլլայ։ 28(Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) 29Ու ետքը Նեփթաղիմին ցեղը ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխան՝ Ենանի որդին Աքիրէն պիտի ըլլայ։ 30(Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 31(Դանին բանակին մէջ բոլոր համրուածները հարիւր յիսունըեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք իրենց դրօշակներովը ամենէն վերջը պիտի չուեն»։
32Իսրայէլի որդիները՝ իրենց հայրերուն տուներովը համրուածները՝ ասոնք են։ Բանակներուն մէջ բոլոր համրուածները իրենց գունդերուն կարգովը վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։ 33Բայց Ղեւտացիները չհամրուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 34Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այսպէս իրենց դրօշակներովը իջեւան կ’ընէին ու այսպէս անոնք ամէն մէկը իրենց տոհմերուն կարգովը եւ իրենց հայրերուն տուներովը կը չուէին։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in