YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 28

28
ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ելից 29:38-46)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը՝ որոշուած ատեն ինծի մատուցանեցէք’։ 3Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։ 4Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։ 5Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։ 6Ասիկա Սինա լերանը վրայ #28:6 Եբր., եղածսահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ 7Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։ 8Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆ
9Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք։ 10Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։
ԱՄՍԱԳԼԽՈՒ ԸՆԾԱՆ
11Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։ 12Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ, 13Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկմէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ 14Անոնց ըմպելի նուէրնէրը՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։ 15Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։
ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ղեւտ. 23:5-14)
16Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։ 17Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։ 18Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ 19Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։ 20Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։ 21Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։ 22Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք։ 23Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։ 24Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ #28:24 Եբր., պատարագի հացպատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։ 25Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ
(Ղեւտ. 23:15-22)
26Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ 27Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։ 28Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ, 29Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք։ 30Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք։ 31Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 28: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 28