ԹՈՒՈՑ 27
27
ՍԱԼՊԱԱԴԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ
1Յովսէփին որդիին Մանասէին տոհմերէն՝ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերին որդիին Սալպաադին աղջիկները մօտեցան Մովսէսին։ Այս աղջիկներուն անուններն են՝ Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։ 2Ասոնք Մովսէսին եւ Եղիազար քահանային ու իշխաններուն եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնեցան վկայութեան խորանին դուռը ու ըսին. 3«Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ ու անիկա Տէրոջը դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ, Կորխի խումբին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ ու տղայ չունէր։ 4Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։ 5Ու Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ։ 6Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 7«Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես 8Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. ‘Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք. 9Բայց եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն պէտք է տաք 10Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն պէտք է տաք 11Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամենէն մօտ ազգականին պէտք է տաք ու ան ըլլայ անոր ժառանգորդը։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի օրէնք պէտք է ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց’»։
ՅԵՍՈՒ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ՈՐՊԷՍ ՄՈՎՍԷՍԻ ՅԱՋՈՐԴ
(Բ. Օր. 31:1-8)
12Յետոյ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Այդ Աբարիմին լեռը ելի՛ր ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ 13Եւ զայն տենելէ յետոյ, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն խառնուեցաւ. 14Որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ՝ ժողովուրդին հակառակութիւն ըրած ատենը ու անոնց առջեւ զիս #27:14 Եբր., չսրբեցիքչփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ։)
15Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ. 16«Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը թող որոշէ, 17Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։
18Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի Նաւէին որդին Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ ու անոր վրայ ձեռքդ դի՛ր 19Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուր եւ անոնց աչքին առջեւ անոր պատուէր տուր 20Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը անոր հնազանդի։ 21Անիկա Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կենայ ու Տէրոջը առջեւ Ուրիմին կանոնովը #27:21 Կամ, Եղիազար անոր համար պիտի հարցնէանոր պիտի հարցնէ՝ ՝, անոր խօսքովը պիտի ելլեն ու անոր խօսքովը պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովուրդը»։ 22Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր, առաւ Յեսուն ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուց։ 23Իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 27: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.