YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 26

26
ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
1Հարուածէն յետոյ Տէրը Մովսէսին եւ Ահարոնին որդիին Եղիազար քահանային խօսեցաւ՝ ըսելով. 2«Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին մարդահամարը ըրէք, անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողներունը, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու #26:2 Եբր., ելլողներըկարող եղողները՝ ՝ համրելով»։ 3Ուստի Մովսէսն ու Եղիազար քահանան Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի առջեւ Յորդանանի մօտ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով. 4«Քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեցէք», ինչպէս Տէրը Մովսէսին ու Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիներուն հրամայեց։ 5Ռուբէն, Իսրայէլի անդրանիկը եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովքէն Ենովքեաններուն տոհմը, Փաղղուսէն Փաղղուսեաններուն տոհմը, 6Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Քարմիէն Քարմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 7Ռուբէնեաններուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասունըերեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։ 8Եւ Փաղղուսին որդին Եղիաբն էր։ 9Ու Եղիաբին որդիները Նամուէլ, Դաթանն ու Աբիրոնն էին. այս դաթանն ու Աբիրոնը ժողովուրդին մէջ երեւելիներ էին ու ասոնք էին, որ Տէրոջը դէմ կեցող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ կեցան 10Եւ երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք ու Կորխն ալ, այն խումբին մեռած ատենը, կրակը այն երկու հարիւր յիսուն մարդիկը կերաւ ու անոնք ամենուն օրինակ եղան։ 11Բայց Կորխին որդիները չմեռան։
12Շմաւոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ #26:12 Կամ, Յամուէլէն ՅամուէլեաններըՆամուէլէն Նամուէլեաններուն տոհմը, Յամինէն Յամինեաններուն տոհմը, Յաքինէն Յաքինեաններուն տոհմը, 13Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը, Սաւուղէն Սաւուղեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 14Շմաւոնեաններուն տոհմերը քսանըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։
15Գադին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սափոնէն Սափոնեաններուն տոհմը, Անգիէն Անգեանցներուն տոհմը, Սունիէն Սունեաններուն տոհմը, 16Ազենիէն Ազենեաններուն տոհմը, Էրիէն Էրեաններուն տոհմը, 17Արօդիէն Արօդեաններուն տոհմը, Արելիէն Արելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 18Գադին որդիներուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
19Յուդային որդիները Էրն ու Օնանն էին. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ 20Եւ Յուդային որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք էին՝ Սելօմէն Սելօմեաններուն տոհմը, Փարէսէն Փարէսեաններուն տոհմը, Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 21Ու Փարէսին որդիները ասոնք էին՝ Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Համուլէն Համուլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 22Յուդային տոհմերը ասոնք են եւ անոնք եօթանասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգին էին։
23Իսաքարին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Թովղայէն Թովղայեաններուն տոհմը, Փուայէն Փուայեաններուն տոհմը, 24Յասուբէն Յասուբեաններուն տոհմը, Սամրօնէն Սամրօնեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 25Իսաքարին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսունըչորս հազար երեք հարիւր հոգի էին։
26Զաբուղոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սարեդէն Սարեդեաններուն տոհմը, Ելօնէն Ելօնեաններուն տոհմը, Յաղելէն Յաղելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 27Զաբուղոնին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
28Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Մանասէն ու Եփրեմն էին։ 29Մանասէին որդիները՝ Մաքիրէն Մաքիրեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ու Մաքիր ծնաւ Գաղաադը ու Գաղաադէն Գաղաադեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 30Գաղաադին որդիները ասոնք են՝ Իեզերէն Իեզերեաններուն տոհմը, Քեղեգէն Քեղեգեաններուն տոհմը 31Ու Ասրիէլէն Ասրիէլեաններուն տոհմը ու Սիւքէմէն Սիւքէմեաններուն տոհմը 32Ու Սեմիդայէն Սեմիդայեաններուն տոհմը ու Ոփերէն Ոփերեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 33Ու Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունեցաւ, միայն աղջիկներ ունեցաւ։ Սալպաադին աղջիկներուն անունները Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա էին։ 34Մանասէին տոհմերը ասոնք են ու անոնք յիսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
35Եփրեմին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուտաղայէն Սուտաղայեաններուն տոհմը, Բոքորէն Բոքորեաններուն տոհմը, Թաանէն Թաանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 36Եւ Սուտաղային որդիները ասոնք են՝ Էրանէն Էրանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 37Եփրեմին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք երեսունըերկու հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են։
38Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Բաղայէն Բաղայեաններուն տոհմը, Ասբէլէն Ասբէլեաններուն տոհմը, Աքիրամէն Աքիրամեաններուն տոհմը, 39Սուփամէն Սուփամեաններուն տոհմը, Ոփիմէն Ոփիմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 40Ու Բաղային որդիները Արեդն ու Նէեմանն էին. Արեդէն Արեդեաններուն տոհմը, Նէեմանէն Նէեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 41Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են ու անոնք քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր հոգի էին։
42Դանին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուհամէն Սուհամեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ. Դանին տոհմերը իրենց տոհմերովը ասոնք են։ 43Սուհամեաններուն բոլոր տոհմերը վաթսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44Ասերին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յեմնայէն Յեմնայեաններուն տոհմը, Յեսուիէն Յեսուիեաններուն տոհմը, Բարիայէն Բարիայեաններուն տոհմը։ 45Բարիային որդիներէն Քաբերէն Քաբերեաններուն տոհմը, Մեղքիէլէն Մեղքիէլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 46Ու Ասերին աղջկան անունը Սարա էր։ 47Ասերին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
48Նեփթաղիմին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յասիէլէն Յասիէլեաններուն տոհմը, 49Գունիէն Գունեաններուն տոհմը, Յասերէն Յասերեաններուն տոհմը, Սիլլեմէն Սիլլեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 50Նեփթաղիմին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք քառասունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
51Իսրայէլի որդիներուն գումարը, վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն էր։
52Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 53«Այն երկիրը ժառանգութեան համար իրենց անուններուն թիւին համեմատ ասոնց պիտի բաժնուի։ 54Շատ եղողին՝ ժառանգութիւնը շատ պէտք է տաս ու քիչ եղողին՝ ժառանգութիւնը քիչ պէտք է տաս. ամէն մէկուն իր համրանքին համեմատ ժառանգութիւն պէտք է տրուի։ 55Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն։ 56Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի։
57Ու Ղեւտացիներուն համրուածները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Գերսոնէն Գերսոնեաններուն տոհմը, Կահաթէն Կահաթեաններուն տոհմը, Մերարիէն Մերարեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 58Ղեւտացիներուն տոհմերը ասոնք են՝ Ղոբենեաններուն տոհմը, Քեբրոնեաններուն տոհմը, Մոողեաններուն տոհմը, Մուսեաններուն տոհմը ու Կորխեաններուն տոհմը։ 59Եւ Կահաթ ծնաւ Ամրամը։ Ու Ամրամին կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիին աղջիկը, որուն մայրը զանիկա Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիին։ Անիկա Ամրամին ծնաւ Ահարոնն ու Մովսէսը եւ անոնց քոյրը Մարիամը։ 60Եւ Ահարոնին՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար ծնան։ 61Բայց Նադաբ ու Աբիուդ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան։ 62Արդ, ասոնց թիւը, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսանըերեք հազար հոգի էին. քանզի անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չհամրուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն պիտի չտրուէր։
63Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները հաշիւի անցընող Մովսէսին ու Եղիազար քահանային համրածները ասոնք են։ 64Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս համրուածներէն, որոնք Մովսէս ու Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ համրեցին։ 65Քանզի Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ՝ «Անշուշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին». ուստի անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 26: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 26