ԹՈՒՈՑ 25
25
ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ՍԱՏԻՄԻ ՄԷՋ
1Իսրայէլ Սատիմի մէջ բանակեցաւ, ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել։ 2Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն։ Ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն ըրին։ 3Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ։ 4Եւ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ժողովուրդին բոլոր իշխանները ա՛ռ ու զանոնք Տէրոջը առջեւ արեւին դէմ կախէ՛, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէն դառնայ»։ 5Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ամէն մէկդ մեռցուցէ՛ք ձեր այն մարդիկը, որոնք Բելփեգովրին յարեցան»։ 6Ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ՝ Մովսէսին աչքին առջեւ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ, երբ անոնք վկայութեան խորանին դրանը քով կու լային։ 7Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս այս բանը տեսնելով՝ ժողովուրդին մէջէն ելաւ ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ 8Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ ու երկուքն ալ՝ այսինքն Իսրայելացին եւ կինը՝ փորէն խոցեց։ Այսպէս հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադրեցաւ։ 9Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին։
10Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 11«Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի։ 12Ասոր համար ըսէ թէ՝ ‘Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս 13Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ’»։ 14Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուին որդին ու Շմաւոնեաններուն մէկ տոհմին իշխանն էր։ 15Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամի մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրին աղջիկն էր։
16Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17«Մադիանացիները թշնամի սեպեցէք ու զանոնք զարկէք, 18Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիին, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրին համար»։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 25: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.