YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 24

24
1Երբ Բաղաամ տեսաւ, որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։ 2Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ 3Ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.
«Բէովրի որդին Բաղաամին պատգամը
Ու աչքը #24:3 Կամ, գոցբաց մարդուն պատգամը,
4Աստուծոյ խօսքերը լսող
Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող,
Քնանալու պէս գետինը ինկող
Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
5Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ,
Ու ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են.
6Ձորերու պէս տարածուեցան,
Գետերու եզերքի պարտէզներու պէս,
Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն
Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են։
7Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ
Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ.
Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ
Ու թագաւորութիւնը աճի։
8Աստուած զանիկա Եգիպտոսէն հանեց։
Միեղջերուի պէս ոյժ ունի.
Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ,
Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ
Ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ։
9Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս.
Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։
Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան
Ու քեզ անիծողները՝ անիծեալ»։
10Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամին ու ձեռքերը իրարու զարկաւ եւ ըսաւ Բաղաամին. «Ես քեզ կանչեցի, որպէս զի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա այս երեք անգամ է որ, անոնք կ’օրհնես։ 11Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր։ ‘Քեզի շատ պատիւ ընեմ’, ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց»։ 12Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով. 13‘Եթէ Բաղակ ինծի իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ, ես Տէրոջը հրամանին չեմ կրնար հակառակիլ ու ինքնիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընել։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ’։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
14Եւ ահա ես հիմա իմ #24:14 Եբր., ժողովուրդիսհայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։ 15Այն ատեն իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.
«Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը
Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,
16Աստուծոյ խօսքերը լսող
Եւ բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող
Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող
Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող
Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
17Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ.
Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ.
Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի
Ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ
Ու Մովաբի #24:17 Կամ, ծայրերըիշխանները պիտի զարնէ
Ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ։
18Նաեւ Եդովմ պիտի նուաճուի,
Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճուի։
Բայց Իսրայէլ քաջութեամբ պիտի շարունակէ։
19Եւ Յակոբէն ելլողը պիտի իշխէ
Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսնցնէ»։
20Ետքը Ամաղէկին նայեցաւ ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.
«Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է,
Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի»։
21Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.
«Արդարեւ քու նստած տեղդ անառիկ է
Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես։
22Բայց Կենեցին պիտի աւրուի,
Մինչեւ որ Ասուր քեզ գերի տանի»։
23Ետքը իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.
«Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։
24Բայց Կիտացիներու եզերքներէն նաւեր պիտի գան
Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն ու Եբերը չարչարեն
Եւ անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին»։
25Յետոյ Բաղաամ ելաւ գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 24: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 24