YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 20

20
ԿԱԴԷՍԷՆ ԴԷՊՔԵՐ
(Ելից 17:1-7)
1Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սին անապատը եկան առաջին ամսուն ու ժողովուրդը Կադէսի մէջ իջեւան ըրաւ։ Մարիամ հոն մեռաւ ու հոն թաղուեցաւ։
2Ժողովուրդին խմելու ջուր չկար, ուստի Մովսէսին եւ Ահարոնին քով հաւաքուեցան։ 3Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցան ու ըսին. «Երանի՜ թէ մենք ալ մեռնէինք, երբ մեր եղբայրները մեռան Տէրոջը առջեւ։ 4Ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդը այս անապատը բերիք, որ մենք ու մեր անասունները հոս մեռնինք։ 5Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, մեզ այս գէշ տեղը բերելո՞ւ համար։ Հոս ո՛չ սերմ ցանելու տեղ է, ո՛չ ալ՝ թզենիներու ու այգիներու եւ նռնենիներու. խմելու ջուր անգամ չկայ»։ 6Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին առջեւէն ելլելով վկայութեան խորանին դուռը գացին ու իրենց երեսին վրայ ինկան եւ Տէրոջը փառքը անոնց երեւցաւ։
7Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 8«Գաւազանը ա՛ռ ու ժողովուրդը հաւաքէ՛, դուն ու քու եղբայրդ Ահարոն եւ անոնց աչքերուն առջեւ ըսէք ապառաժին ու իր ջուրը պիտի տայ։ Դուն ապառաժէն ջուր պիտի հանես անոնց ու ժողովուրդին եւ անոնց անասուններուն խմցնես»։ 9Մովսէս առաւ գաւազանը Տէրոջը առջեւէն, ինչպէս իրեն պատուիրեց։ 10Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդը ապառաժին առջեւ հաւաքեցին եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։ 11Եւ Մովսէս իր ձեռքը վերցուց ու գաւազանովը երկու անգամ ապառաժին զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ եւ ժողովուրդն ու անոնց անասունները խմեցին։
12Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Որովհետեւ ինծի չհաւատացիք Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս #20:12 Եբր., սրբելուփառաւորելու, անոր համար այս ժողովուրդը դուք պիտի չտանիք այն երկիրը, որ անոնց տուի»։ 13#20:13 Այսինքն, վիճաբանութեանՄերիպայի ջուրը այս է. վասն զի Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ վիճեցան եւ ինք փառաւորուեցաւ անոնց մէջ։
ԵԴՈՎՄԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ’ԱՐԳԻԼԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՑՔԸ
14Մովսէս Կադէսէն դեսպաններ ղրկեց Եդովմի թագաւորին ու ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ քու եղբայրդ Իսրայէլ, Մեզի պատահած բոլոր նեղութիւնը գիտես. 15Ի՛նչպէս մեր հայրերը Եգիպտոս իջան եւ բնակեցանք Եգիպտոսի մէջ երկար ատեն եւ Եգիպտացիները չարչարեցին մեզ ու մեր հայրերը։ 16Եւ երբ մենք Տէրոջը աղաղակեցինք, լսեց մեր ձայնը եւ հրեշտակ մը ղրկեց ու մեզ Եգիպտոսէն հանեց եւ ահա մենք քու սահմանիդ ծայրի Կադէս քաղաքին մէջ ենք. 17Արտօնէ, որ անցնինք քու երկրէդ. արտերէն ու այգիներէն պիտի չանցնինք եւ հորերէն ջուր պիտի չխմենք. արքունական ճամբայէն պիտի երթանք, աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորինք՝ մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք»։ 18Բայց Եդովմ ըսաւ անոր. «#20:18 Եբր., ԻնձմէԻմ երկրէս՝ ՝ մի՛ անցնիր, ապա թէ ոչ՝ սրով քու դէմդ կ’ելլեմ»։ 19Իսրայէլի որդիները ըսին անոր. «Մենք մեծ ճամբայէն կ’անցնինք եւ եթէ մենք՝ ես ու իմ անասուններս քու ջուրէդ խմենք, անոր գինը կը հատուցանեմ։ Առանց ուրիշ բան մը ընելու իմ ոտքերովս կ’անցնիմ»։ 20Եւ անիկա ըսաւ. «Պիտի չանցնիս»։ Եւ Եդովմ մեծ բազմութիւնով ու հզօր ձեռքով անոնց դէմը ելաւ։ 21Այսպէս Եդովմ իր սահմանէն Իսրայէլին ճամբայ տալ չուզեց. ուստի Իսրայէլ դարձաւ անկէ։
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՄԱՀԸ
22Կադէսէն չուեցին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Հովր լեռը եկան։ 23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Հովր լեռը՝ Եդովմի երկրին սահմանին քով՝ ըսելով. 24«Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի. քանզի Մերիպայի ջուրին քով իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ընելուդ համար պիտի չմտնէ այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն տուի։ 25Ահարոնն ու անոր որդին Եղիազարը ա՛ռ ու Հովր լեռը հանէ զանոնք։ 26Ահարոնը իր զգեստներէն մերկացո՛ւր ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուր զանոնք. վասն զի Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի ու հոն մեռնի»։ 27Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Հովր լեռը ելան։ 28Մովսէս մերկացուց Ահարոնը իր զգեստներէն ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուց զանոնք։ Եւ Ահարոն հոն լերանը գլուխը մեռաւ։ Մովսէս ու Եղիազար լեռնէն իջան։ 29Երբ բոլոր ժողովուրդը տեսան, որ Ահարոն մեռաւ, Իսրայէլի բոլոր տունը Ահարոնին համար երեսուն օր լացին։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 20: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 20