ԹՈՒՈՑ 19
19
ԿԱՐՄԻՐ ԵՐԻՆՋԻՆ ՄՈԽԻՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Այս է օրէնքին որոշումը, որ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի անարատ ու անբիծ կարմիր երինջ մը բերեն, որուն վրայ լուծ դրուած չըլլայ։ 3Եւ Եղիազար քահանային պէտք է տաք զանիկա, որպէս զի բանակէն դուրս հանէ ու իր առջեւ մորթեն զանիկա։ 4Եւ Եղիազար քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու դէպի վկայութեան խորանին առջեւի կողմը եօթը անգամ սրսկէ անոր արիւնէն։ 5Ետքը իր աչքին առջեւ թող այրեն երինջը։ Անոր մորթն ու միսը եւ անոր արիւնը աղբովը մէկտեղ թող այրեն։ 6Քահանան թող առնէ եղեւին փայտ, զոպայ ու կրկնակի կարմիր եւ երինջը այրող կրակին մէջ նետէ։ 7Եւ քահանան իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով թող լուայ ու ետքը բանակը մտնէ եւ քահանան մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 8Եւ զանիկա այրողը իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով պէտք է լուայ եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ 9Եւ մաքուր մարդ մը երինջին մոխիրը պիտի հաւաքէ ու բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը դնէ եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին համար պիտի պահուի, մեղաց համար մաքրութեան ջուր ըլլալու։ 10Եւ երինջին մոխիրը հաւաքողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ասիկա Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց մէջ պանդխտացող օտարականին համար յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
ԴԻԱԿԻ ՄԸ ՀՊՈՒՄԸ
11Ով որ մեռած մարդու մը մարմինին դպչի, եօթը օր անմաքուր պէտք է սեպուի։ 12Անիկա #19:12 Այսինքն, մաքրութեան ջրովանով զինք մաքրել թող տայ երրորդ օրը, եօթներորդ օրը մաքուր թող սեպուի։ Բայց եթէ երրորդ օրը չմաքրուի, եօթներորդ օրը մաքուր պիտի չսեպուի։ 13Ով որ մեռած մարդու մարմնին դպչի ու ինքզինք չմաքրէ, Տէրոջը խորանը կը պղծէ եւ այն անձը Իսրայէլէն պէտք է կորսուի. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուելուն համար անիկա անմաքուր է. իր անմաքրութիւնը տակաւին իր վրայ է։ 14Վրանի մէջ մեռնող մարդուն համար օրէնքը այս է. այն վրանին մէջ ամէն մտնող եւ այն վրանէն ամէն եղող եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ 15Եւ ամէն բաց աման, որ իր վրայ խուփ չունի, անմաքուր պիտի ըլլայ։ 16Եւ ով որ դպչի դաշտի վրայ սրով սպաննուածի մը, կամ բնական մահով մեռածի մը, կամ մարդու ոսկորի մը եւ կամ գերեզմանի մը, եօթը օր անմաքուր թող ըլլայ։ 17Եւ անմաքուր եղողին համար՝ այն մեղքի համար՝ այրուած երինջին մոխիրէն առնելով՝ ամանի մը մէջ վրան կենդանի ջուր թող դնեն 18Եւ մաքուր մարդ մը զոպայ թող առնէ ու զայն ջուրը խոթէ եւ վրանին վրայ ու բոլոր ամաններուն վրայ եւ հոն եղած մարդոց վրայ ու ոսկորի մը կամ սպաննուածի մը կամ մեռածի մը եւ կամ գերեզմանի մը դպչողին վրայ սրսկէ։ 19Եւ մաքուր մարդը թող սրսկէ անմաքուրին վրայ՝ երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը եւ եօթներորդ օրը զանիկա թող մաքրէ։ Անիկա ալ իր հանդերձները թող լուայ ու ջրով լուացուի եւ իրիկունը մաքրուի։ 20Բայց այն անմաքուր մարդը, որ չի մաքրուիր, ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը սրբարանը պղծեց. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուեցաւ, անիկա անմաքուր է։ 21Յաւիտենական կանոն մը ըլլայ անոնց, որ մաքրութեան ջուրը սրսկողը իր լաթերը լուայ ու մաքրութեան ջուրին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ 22Եւ անմաքուր անձը ինչ բանի որ դպչի, այն ան անմաքուր պիտի ըլլայ ու անոր դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ’»։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 19: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.