ԹՈՒՈՑ 1
1
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
1Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ Սինայի անապատը վկայութեան խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը՝ ըսելով. 2«Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն առանձինն համրելով։ 3Դուն ու Ահարոն բոլոր Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր պատերազմելու #1:3 Եբր., ելլողներըկարող եղողները՝ ՝ իրենց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք։ 4Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէկմէկ մարդ առէք, որ անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ։
5Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են՝ 6Ռուբէնէն Սեդիուրի որդին Եղիսուրը, Շմաւոնէն Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը, 7Յուդայէն Ամինադաբի որդին Նաասոնը, 8Իսաքարէն Սովգարի որդին Նաթանայէլը, 9Զաբուղոնէն Քեղոնի որդին Եղիաբը, 10Յովսէփին որդիներէն՝ Եփրեմէն Ամիուդի որդին Եղիսաման, Մանասէէն Փադասուրի որդին Գամաղիէլը, 11Բենիամինէն Գեդէօնի որդին Աբիդան, 12Դանէն Ամիսադայի որդին Աքիեզերը, 13Ասերէն Եքրանի որդին Փաքիէլը, 14Գադէն Դագուէլի որդին Եղիասափը, 15Նեփթաղիմէն Ենանի որդին Աքիրէն»։ 16Ասոնք էին ժողովուրդին երեւելիները, իրենց հայրերուն սերունդէն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները։
17Մովսէս ու Ահարոն՝ իրենց անուններովը՝ յիշուած մարդիկը առին 18Եւ երկրորդ ամսուան առաջին օրը բոլոր ժողովուրդը հաւաքեցին, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնքը մէկ մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան։ 19Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք։
20Իսրայէլի անդրանիկ որդիին Ռուբէնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։ 21Ռուբէնին ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
22Շմաւոնին որդիները՝ իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։ 23Շմաւոնին ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։
24Գադին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 25Գադին ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։
26Յուդային որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 27Յուդային ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։
28Իսաքարին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 29Իսաքարին ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
30Զաբուղոնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 31Զաբուղոնին ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։
32Յովսէփին որդիներէն Եփրեմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 33Եփրեմին ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
34Մանասէին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 35Մանասէին ցեղէն համրուածները երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։
36Բենիամինին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 37Բենիամինին ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
38Դանին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները իրենց անուններուն թիւովը 39Դանին ցեղէն համրուածները վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
40Ասերին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 41Ասերին ցեղէն համրուածները քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
42Նեփթաղիմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 43Նեփթաղիմին ցեղէն համրուածները յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44Ասոնք են այն համրուածները, որոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին։ Ամէն մէկը իր հօրը տանը կողմէն։ 45Այսպէս Իսրայէլի որդիները՝ ամէնքը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան։ 46Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։
47Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն սերունդովը ասոնց հետ չհամրուեցան։ 48Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսին ըսելով. 49«Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես. 50Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները եւ անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բնակին։ 51Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն ու խորանին իջեւանը ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեցնեն զայն եւ անոր մօտեցող օտարականը պէտք է մեռցուի։
52Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան թող ընեն։ 53Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պէտք է բանակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը ընեն»։ 54Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածները ըրին։ Այնպէս ըրին։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.