YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 18

18
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ եւ հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։ 2Եւ քու հօրդ սերունդէն, այսինքն Ղեւիին սերունդէն եղող քու եղբայրներդ մօտեցո՛ւր, որպէս զի քեզի հետ միանան ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն, երբ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջեւ ըլլաք։ 3Եւ քեզ ու բոլոր խորանը պիտի պահեն, բայց սրբարանին անօթներուն ու սեղանին պէտք չէ մօտենան, որպէս զի ո՛չ իրենք մեռնին՝ ո՛չ ալ դուք։ 4Անոնք ձեզի հետ պիտի միանան ու վկայութեան խորանը պիտի պահեն, խորանին բոլոր ծառայութիւնները պիտի ընեն, բայց ոեւէ օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի։ 5Սրբարանն ու սեղանը պիտի պահէք, որպէս զի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ։ 6Ահա Իսրայէլի որդիներէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջը համար, որպէս զի վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընեն։ 7Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին պատկանած բոլոր բաներուն եւ վարագոյրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք ու պաշտամունքը կատարէք։ Քահանայութիւնը ձեզի իբր պարգեւ տուի եւ ոեւէ մօտեցող օտարական պիտի մեռցուի»։
8Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին. «Ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն եւ ինծի տրուած ընծաներուն պահպանութիւնը քեզի յանձնեցի եւ անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի եւ քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով։ 9Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն, #18:9 Եբր., կրակէնոր չեն այրուիր՝ ՝. անոնց բոլոր հացի ընծաներուն, անոնց բոլոր մեղքի պատարագներուն եւ անոնց բոլոր յանցանքի պատարագներուն ընծաները, որոնք ինծի պիտի մատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար։ 10Ամենասուրբ տեղին մէջ պէտք է ուտես զայն. ամէն արու կրնայ ուտել զայն. անիկա սուրբ է քեզի։ 11Այս ալ քուկդ է՝ իրենց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 12Ամենէն աղէկ իւղին եւ ամենէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի տուի։ 13Անոնց երկրին մէջ եղած բոլոր բերքերուն երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 14Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բան քուկդ պիտի ըլլայ։ 15Ամէն մարմնի արգանդ բացողը, որ Տէրոջը կ’ընծայեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը անշուշտ պիտի փրկես եւ անմաքուր անասունին անդրանիկն ալ պիտի փրկես։ 16Ու երբ փրկուող տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի #18:16 Եբր., քու գնահատած գնովգնով պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է։ 17Բայց կովուն անդրանիկը եւ ոչխարին անդրանիկը կամ այծին անդրանիկը պէտք չէ փրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պէտք է սրսկես ու անոնց ճարպը այրես Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու 18Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելու երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։ 19Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»։ 20Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ
21«Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում, վկայութեան խորանին ծառայութեան համար։ 22Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ վկայութեան խորանին թող չմօտենան, որպէս զի մեղք չգործեն ու չմեռնին։ 23Վկայութեան խորանին ծառայութիւնը Ղեւտացիները պիտի ընեն ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։ 24Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, որոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. այս պատճառով անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՍԱՆՈՐԴԸ
25Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26«Այսպէս խօսիր Ղեւտացիներուն ու ըսէ՛ անոնց. ‘Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդ առնէք, որ անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն այդ տասանորդին մէկ տասներորդ մասը իբր բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ 27Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս եւ հնձանի բերքի պէս թող սեպուի ձեզի։ 28Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր առած բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը։ Անոնցմէ Տէրոջը համար ունեցած բարձրացնելու ընծան Ահարոն քահանային պիտի տաք։ 29Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն իբր Տէրոջը բարձրացնելու ընծայ՝ անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պէտք է մատուցանէք’։ 30Ուստի պիտի ըսես անոնց. ‘Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս ու հնձանի արդիւնքի պէս թող մնայ Ղեւտացիներուն։ 31Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի վկայութեան խորանին մէջ ձեր ընելու ծառայութեան փոխարէն ձեր վարձքն է այն։ 32Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները մի՛ պղծէք, որպէս զի չմեռնիք’»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 18: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in