YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 17

17
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԾԱՂԿՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէկմէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասներկու գաւազան ա՛ռ. ամէն մարդու անունը իր գաւազանին վրայ գրէ՛։ 3Ահարոնին անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ գրէ՛. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ 4Եւ զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ դի՛ր, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։ 5Եւ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի ու այն ատեն ինծմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջէին ձեզի դէմ»։
6Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասներկու գաւազան տուին իրեն, ամէն մէկ իշխանի համար մէկ գաւազան եւ Ահարոնին գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։ 7Գաւազանները Տէրոջը առջեւ դրաւ վկայութեան խորանին մէջ։ 8Հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ եւ ահա Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց։ 9Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջեւ ու անոնք տեսան եւ ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ։ 10Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին գաւազանը վկայութեան առջեւ ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի ու անոնց տրտունջը ինծմէ վերցո՛ւր, որպէս զի չմեռնին»։ 11Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։ 12Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք. 13Ամէն ով որ Տէրոջը վկայութեան խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 17: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 17