ԹՈՒՈՑ 11
11
ՏԱԲԵՐԱ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԱՅԴ ՏԵՂԸ
1Ժողովուրդը չարաչար կը տրտնջէր Տէրոջը #11:1 Եբր., ականջներունառջեւ։ Տէրը լսեց եւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը կրակը վառեցաւ անոնց մէջ եւ բանակին ծայրերը եղողները կորսնցուց։ 2Ժողովուրդը աղաղակեց Մովսէսին ու Մովսէս աղօթեց Տէրոջը եւ կրակը դադրեցաւ։ 3Եւ այն տեղին անունը #11:3 Այսինքն, հրկիզութիւնՏաբերա դրաւ, քանի որ Տէրոջը կրակը անոնց մէջ այրեցաւ։ 4Եւ անոնց մէջի խառնիճաղանճ բազմութիւնը շատ բաներու ցանկացին ու Իսրայէլի որդիներն ալ #11:4 Կամ, նստանդարձեալ լացին ու ըսին. «Ո՞վ մեզի ուտելու միս պիտի տայ. 5Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան։ 6Եւ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ»։ 7Եւ մանանան գինձի սերմի պէս ու անոր գոյնը սուտակի գոյնի պէս էր։ 8Ժողովուրդը կը պտըտէր ու կը հաւաքէր զայն եւ աղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը ծեծէին եւ պտուկներու մէջ կ’եփէին ու անկէ շօթեր կը շինէին եւ անոր համը իւղոտ գաթաներու համին պէս էր։ 9Գիշերը երբ բանակին վրայ ցօղ կ’իջնէր, մանանան ալ անոր վրայ կ’իջնէր։
ՄՈՎՍԷՍ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ Կ’ԸՆՏՐԷ
10Այն ատեն Մովսէս լսեց որ ժողովուրդը իրենց տոհմերովը՝ ամէն մէկը իր վրանին դուռը կու լան եւ Տէրոջը բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ ու Մովսէսին ալ գէշ երեւցաւ այս բանը։ 11Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը, «Ինչո՞ւ քու ծառադ չարչարեցիր ու ինչո՞ւ քու առջեւդ շնորհք չգտայ որ այս բոլոր ժողովուրդին բեռը իմ վրաս կը դնես։ 12Միթէ ե՞ս եմ յղացեր այս բոլոր ժողովուրդը կամ ե՞ս եմ ծներ ասոնք, որ ինծի կ’ըսես՝ ‘Դայեակի մը կաթնկեր տղան գիրկը առնելուն պէս զանոնք գիրկդ ա՛ռ ու տա՛ր մինչեւ այն երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրի’։ 13Ես ուրկէ՞ միս ճարեմ, որ այս բոլոր ժողովուրդին տամ. քանզի իմ բոլորտիքս կու լան ու կ’ըսեն. ‘Միս տո՛ւր մեզի, որ ուտենք’։ 14Ես մինակ չեմ կրնար կրել այս բոլոր ժողովուրդին հոգը, վասն զի այս ինծի շատ ծանր է։ 15Եւ եթէ ինծի այսպէս պիտի ընես, կ’աղաչեմ, մէկէն մեռցո՛ւր զիս, եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէս զի իմ չարիքս չտեսնեմ»։ 16Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինծի Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի հաւաքէ, որոնք դուն կը ճանչնաս որպէս ժողովուրդին ծերերն ու գլխաւորները եւ զանոնք վկայութեան խորանը բե՛ր ու հոն քեզի հետ թող կենան։ 17Ես հոն պիտի իջնեմ ու խօսիմ քեզի հետ եւ քու վրադ եղած Հոգիէն պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէս զի ժողովուրդին բեռը վերցնեն քեզի հետ ու դուն մինակ չվերցնես։ 18Եւ ըսէ՛ ժողովուրդին. ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք, որ միս ուտէք. վասն զի Տէրոջը առջեւ լացիք՝ ըսելով. «Ո՞վ մեզի միս պիտի կերցնէ. քանզի Եգիպտոսի մէջ աղէկ կ’ապրէինք». ուստի Տէրը ձեզի միս պիտի տայ ու դուք պիտի ուտէք։ 19Դուք ո՛չ միայն մէկ օր պիտի ուտէք եւ ո՛չ երկու օր, ո՛չ հինգ օր, ո՛չ տասը օր, ո՛չ ալ քսան օր. 20Լման մէկ ամիս մինչեւ քթերնէդ դուրս գալը պիտի ուտէք, այնպէս որ զզուիք որովհետեւ ձեր մէջ եղող Տէրը արհամարհեցիք եւ անոր առջեւ լացիք ըսելով՝ «Ինչո՞ւ մենք Եգիպտոսէն ելանք»’»։
21Բայց Մովսէս ըսաւ. «Այս ժողովուրդը, որոնց մէջ կը գտնուիմ, վեց հարիւր հազար հետեւակ հոգի են ու դուն ըսիր՝ ‘Ես անոնց միս պիտի տամ, որ լման մէկ ամիս ուտեն’. 22Անոնց բաւելու համար միթէ բոլոր ոչխարներն ու արջառները պէտք է մորթուի՞ն. կամ ծովուն բոլոր ձուկերը մէկտեղ հաւաքուի՞ն»։ 23Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Միթէ #11:23 Եբր., կա՞րճտկա՞ր է Տէրոջը ձեռքը. հիմա կը տեսնես թէ քեզի ըսածիս պէս պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ»։ 24Եւ Մովսէս ելաւ ու Տէրոջը խօսքերը ժողովուրդին իմացուց եւ ժողովուրդին ծերերէն եօթանասուն հոգի զատեց ու զանոնք վկայութեան խորանին բոլորտիքը կայնեցուց։ 25Եւ Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ ու անոր հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ եղած Հոգիէն առաւ ու այն եօթանասուն ծերերուն վրայ դրաւ եւ երբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէութիւն ըրին, #11:25 Կամ, եւ չդադարեցանբայց անկէ յետոյ չըրին՝ ՝։
26Եւ երկու հոգի բանակին մէջ մնացին, մէկուն անունը Ելդադ էր ու միւսին անունը՝ Մովդադ եւ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ ու անոնք արձանագրուածներէն էին, վկայութեան խորանը եկած չէին, բայց բանակին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին։ 27Պատանի մը վազեց ու պատմեց Մովսէսին եւ ըսաւ. «Ելդադ ու Մովդադ մարգարէութիւն կ’ընեն բանակին մէջ»։ 28Եւ Նաւէին որդին Յեսու, Մովսէսին #11:28 Եբր., ընտրեալներէն կամ երիտասարդներէն եղողընտրեալ ծառան, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք»։ 29Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։ 30Մովսէս բանակը քաշուեցաւ, ինք ու Իսրայէլի ծերերը։
ՏԷՐԸ ԼՈՐԱՄԱՐԳԻՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿԷ
31Եւ Տէրոջմէն հով մը ելաւ ու ծովուն կողմէն լորամարգիներ բերաւ ու բանակին վրայ մէկ օրուան ճամբայ մէկ կողմէն եւ մէկ օրուան ճամբայ միւս կողմէն՝ բանակին բոլորտիքը տարածեց, երկրի երեսէն երկու կանգունի չափ բարձր։ 32Եւ ժողովուրդը այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը եւ հետեւեալ բոլոր օրը ելլելով՝ լորամարգիները հաւաքեց. ամենէն քիչ հաւաքողը տասը քոռ հաւաքեց եւ իրենց համար բանակին բոլորտիքը չորնալու փռեցին զանոնք։ 33Եւ երբ դեռ միսը իրենց ակռաներուն վրայ էր, տակաւին չծամուած՝ Տէրոջը բարկութիւնը ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ ու Տէրը խիստ մեծ հարուածով զարկաւ ժողովուրդը։ 34Եւ այն տեղին անունը #11:34 Այսինքն, ցանկութեան գերզմաններԿիբրօթ-Հաթթավա դրուեցաւ, վասն զի հոն թաղեցին ցանկացող ժողովուրդը։ 35Եւ Կիբրօթ-Հաթթավայէն Ասերովթ չուեց ժողովուրդը ու Ասերովթի մէջ #11:35 Եբր., էինմնացին։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 11: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.