ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 27
27
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու գնահատածիդ պէս՝ Տէրոջը պէտք է ըլլայ։ 3Եւ քու որոշած գինդ այսպէս պիտի ըլլայ՝ Քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին որոշուած գինը, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ 4Եւ եթէ էգ է, քու որոշած գինդ երեսուն սիկղ պէտք է ըլլայ։ 5Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու որոշած գինդ՝ քսան սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ 6Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար որոշած գինդ՝ հինգ սիկղ արծաթ ու էգին համար որոշած գինդ երեք սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ։ 7Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու որոշած գինդ՝ տասնըհինգ սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ 8Եւ եթէ քու որոշած գինդ անոր կարողութենէն վեր ըլլայ, անիկա քահանային առջեւ պիտի ելլէ ու անոր գինը քահանան թող որոշէ։ Քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գինը թող որոշէ։
9Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ 10Ինք թող չփոխէ զայն, աղէկը՝ գէշին հետ կամ գէշը աղէկին հետ թող չփոխէ եւ եթէ անասունը անասունի հետ փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր հետ փոխուածը սուրբ թող ըլլայ։ 11Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անյարմար անմաքուր անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջեւ թող հանէ այն անասունը 12Ու քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ թող գին որոշէ. քահանան ինչ գին որ որոշէ, այնպէս թող ըլլայ։ 13Իսկ եթէ զանիկա ազատելու ըլլայ, այն ատեն որոշուած գնին վրայ մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։
14Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ գին թող որոշէ. քահանան անոր ինչ գին որ որոշէ, այնպէս պէտք է ըլլայ։ 15Եթէ ընծայողը տունը ետ առնել ուզէ, որոշուած գնին մէկ հինգերորդը պէտք է աւելցնէ, որ կարենայ տունը առնել։
16Եւ եթէ մարդ մը իր սեփական արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու որոշած գինդ անոր սերմին համեմատ պէտք է ըլլայ. մէկ քոռ գարիին սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ։ 17Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու որոշած գնիդ պէս թող մնայ։ 18Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ՝ ստակը մինչեւ Յոբելեան տարիին մնացած տարիները՝ հաշիւ ընելով՝ քու որոշած գնէդ վար պէտք է իջեցնէ։ 19Իսկ եթէ արտը ընծայողը ուզէ ետ առնել, այն ատեն քու որոշած գնիդ ստակին վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ ու այն արտը իրեն փոխանցուի։ 20Եւ եթէ արտը ետ չառնէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, պիտի չկրնայ ետ առնել. 21Հապա երբ արտը Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։
22Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու առած արտը, որ իր սեփական արտէն չէ, 23Այն ատեն քահանան անոր հետ քու որոշած գնիդ հաշիւը թող ընէ մինչեւ Յոբելեան տարին եւ այն օրը քու որոշած գինդ սուրբ բանի պէս պէտք է տայ Տէրոջը։ 24Յոբելեան տարին, արտը՝ ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերէր գետինը, անոր պիտի դառնայ։ 25Եւ քու բոլոր որոշած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պէտք է որոշուած ըլլան. սիկղը քսան կերատ հաշուելով։
26Միայն թէ անասուններուն անդրանիկը, ամենէն առաջ ծնած ըլլալուն Տէրոջը ըլլալով, մէկը պէտք չէ ընծայէ զայն. արջառ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։ 27Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու որոշած գնիդ համեմատ կրնայ ետ առնել զայն, բայց վրան մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Եթէ ետ առնել չուզէ՝ քու որոշած գնովդ թող ծախուի։
28Բայց մարդու մը՝ իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն եւ անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն՝ Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր սուրբ է Տէրոջը։ 29Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի։
30Երկրին բոլոր տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը։ 31Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն մաս մը ետ առնել ուզէ, անոր վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ։ 32Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդը, գաւազանին տակէն անցնողին տասանորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ 33Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պէտք չէ դնէ ու չփոխէ զայն եւ եթէ երբեք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր հետ փոխանակուածն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, որ ետ պիտի չառնուի»։
34Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն համար Սինա լեռը՝ Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները ասոնք են։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 27: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.