ՆԷԵՄԵԱՅ 9
9
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄԵՂՔԵՐԸ
1Այս ամսուան քսանըչորրորդ օրը Իսրայէլի որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանուած մէկտեղ հաւաքուեցան։ 2Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան ու Աստուծոյ առջեւ կենալով՝ իրենց մեղքերն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։ 3Իրենց տեղը կենալով՝ օրուան մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրէնքներու գրքէն կարդացին ու մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստովանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին։
4Յեսուն, Բանին, Կադմիէլը, Սաբանիան, Բունին, Սարաբիան, Բանին ու Քենանի Ղեւտացիները #9:4 Կամ, աստիճաններունբեմին վրայ ելան ու բարձր ձայնով իրենց Տէր Աստուծոյն աղաղակեցին։ 5Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին, Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց.
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
«Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։ 6Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագէն։ 7Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր 8Եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես։
9«Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր 10Եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստակեցար 11Եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր։ 12Ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց։
13«Նաեւ Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր։ 14Քու սուրբ շաբաթդ անոնց ճանչցուցիր ու քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ տուիր։ 15Երբ անօթեցան՝ անոնց երկնքէն հաց տուիր, երբ ծարաւցան՝ անոնց ապառաժէն ջուր հանեցիր։ Անոնց ըսիր, որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ անոնց տալու համար #9:15 Այսինքն, երդում ըրիրձեռքդ վերցուցիր՝ ՝։
16Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան 17Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ #9:17 Այսինքն, իշխան կարգեցինկարգեցին՝ ՝, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր. 18Մանաւանդ՝ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. «Մեզ Եգիպտոսէն հանող աստուածը, ասիկա է»։ Քեզ մեծապէս անարգեցին, 19Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր։ 20Նաեւ զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր ու երբ ծարաւցան՝ անոնց ջուր տուիր։ 21Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։ 22Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր ու անոնց սահմանները որոշեցիր։ Անոնք Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին։ 23Անոնց որդիները երկնքի աստղերուն չափ շատցուցիր ու տարիր զանոնք այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր՝ ‘Անոնք հոն պիտի մտնեն ու այն երկիրը ժառանգեն’։ 24Անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին եւ այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը իրենց ձեռքը տուիր, որպէս զի իրենց ուզածին պէս վարուին անոնց հետ։ 25Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան։
26Սակայն քեզի դէմ անհնազանդ եղան ու ապստամբեցան եւ քու օրէնքդ մոռցան ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զիրենք քեզի դարձնելու համար #9:26 Կամ, զանոնք կը յանդիմանէինիրենց վկայութիւնը կու տային՝ ՝ եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։ 27Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք նեղեցին։ Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։ 28Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։ 29Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք հպարտացան ու քու հրամաններուդ չհնազանդեցան եւ քու պատուիրանքներուդ դէմ մեղք գործեցին (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ’ապրի) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու չհնազանդեցան։ 30Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցին։ 31Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսնցուցիր ու մերժելով չհեռացուցիր քեզմէ, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես։
32Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան։ 33Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք։ 34Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաներն ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններուդ մտիկ չըրին։ 35Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ եւ այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ որ անոնց տուիր, քեզի ծառայութիւն չըրին ու իրենց չար գործերէն չդարձան. 36Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն ստուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։ 37Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք։ 38Այս ամենուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ’ընենք ու կը գրենք ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիներն ու մեր քահանաները զանիկա թող կնքեն։
Currently Selected:
ՆԷԵՄԵԱՅ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.