ՆԷԵՄԵԱՅ 8
8
ԵԶՐԱՍ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը հաւաքուեցան ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլին տուած էր։ 2Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը Եզրաս քահանան օրէնքներու գիրքը ժողովուրդին առջեւ բերաւ, որ այր ու կին մարդոցմէ ու լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր. 3Զանիկա Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջեւ կարդաց եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրէնքներու գրքին տուեր էին։ 4Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր հարմար շինուած տախտակէ բեմին վրայ կայնեցաւ ու անոր աջ կողմը՝ Մատաթիան, Սեման, Անանիան, Ուրիան, Քեղկիան ու Մաասիան եւ ձախ կողմը կեցան՝ Փադայիան, Միսայէլը, Մեղքիան, Հասումը, Ասբադանան, Զաքարիան ու Մեսուղամը։ 5Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի ելաւ։ 6Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու «Ամէ՜ն, Ամէ՜ն», ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ 7Յեսուն, Բանին, Սարաբիան, Յամինը, Ակկուղը, Սաբեթան, Ովդիան, Մաասիան, Կովղիտան, Ազարիան, Յովզաբադը, Անանը, Փաղայիան ու Ղեւտացիները օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին եւ ժողովուրդը կարգով կեցեր էր։ 8Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին։
9Նէեմիա Աթարսաթան, որ կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը եւ ժողովուրդին հասկցնող Ղեւտացիները ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օրն է, ուստի սուգ մի՛ ընէք ու մի՛ լաք». վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին։ 10Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ 11Այն ատեն Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է ու մի՛ տրտմիք»։ 12Բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։
ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ
13Երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան։ 14Օրէնքներու գրքին մէջ գրուած գտան, թէ՝ Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուան տօնին Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին, 15Նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով. «Լեռը ելէք ու ձիթենիի ոստեր, մայրի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր եւ արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր բերէ՛ք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։ 16Ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ եւ Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմին դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին։ 17Գերութենէ դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ 18Առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր։
Currently Selected:
ՆԷԵՄԵԱՅ 8: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.