Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ կարգեցին՝ ՝, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր.