ՆԱՒՈՒՄԱՅ 2
2
ՆԻՆՈՒԷԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
1Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ։
Պարիսպը պահպանէ՛, ճամբան դիտէ՛,
Մէջքերդ ուժովցո՛ւր ու բոլոր ոյժդ վրադ հաւաքէ՛։
2Քանզի Տէրը Յակոբին վայելչութիւնը
Իսրայէլին վայելչութեանը պէս նորոգեց,
Վասն զի աւարառուները զանիկա կողոպտեցին
Ու անոնց որթատունկին ճիւղերը աւերեցին.
3Անոր զօրաւոր մարդոց վահանը կարմրեցաւ
Անոր քաջ մարդիկը ծիրանի հագան.
Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը #2:3 Կամ, ջահերու լոյսպողպատի փայլունութիւն՝ ՝ պիտի ունենայ,
Նիզակները պիտի երերցուին։
4Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին,
Հրապարակներուն մէջ իրարու պիտի բաղխին։
Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ
Ու փայլակներու պէս պիտի վազեն։
5Իր կտրիճները պիտի յիշէ։
Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին,
Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորան
Ու պատսպարան պիտի պատրաստուի։
6Գետերուն դռները պիտի բացուին
Ու պալատը պիտի #2:6 Եբր., հալիփլչի։
7Ու #2:7 Կամ, թէեւ պահապաններ դրուած եննախասահմանուեցաւ, որ անիկա գերութեան ելլէ
Եւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելով
Ու աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ երթան։
8Նինուէն շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր.
Սակայն անոնք փախչելով՝ ‘Կայնեցէ՛ք, կայնեցէ՛ք, պիտի ըսեն,
Բայց դարձող պիտի չըլլայ։
9Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք,
Քանզի անոր զարդերը անթիւ են
Ու ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ։
10Պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։
Սրտերը կը հալին ու ծունկերը իրարու կը զարնուին,
Բոլոր մէջքերը կը դողան
Ու ամենուն երեսները գոյներնին կը նետեն։
11Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանը
Եւ առոյգ առիւծներուն արօտը։
Արու առիւծը, մատակ առիւծը
Ու առիւծին կորիւնը ո՞ւր կը պտըտէին։
Զանոնք վախցնող չկայ։
12Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէր
Ու իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր։
Իր մորիները՝ որսով,
Իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր։
13«Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Եւ քու կառքերդ պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ։
Սուրը պիտի ուտէ քու առոյգ առիւծներդ։
Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ
Եւ քու դեսպաններուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի»։
Currently Selected:
ՆԱՒՈՒՄԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.