ՆԱՒՈՒՄԱՅ 1
1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՆՈՒԷԻՆ ՀԱՆԴԷՊ
1Նինուէի պատգամը եւ Ելկեսացի Նաւումին տեսիլքին գիրքը։
2Եհովան նախանձոտ ու վրէժխնդիր Աստուած է։
Եհովան վրէժ առնող ու բարկութեան տէր է։
Եհովան իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ,
Իր թշնամիներուն դէմ ոխ կը պահէ։
3Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է,
Բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր։
Եհովային ճամբան մրրիկի ու փոթորիկի մէջ է
Ու ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են։
4Ծովուն կը սաստէ ու զանիկա կը ցամքեցնէ
Եւ բոլոր գետերը կը չորցնէ։
Բասանն ու Կարմեղոսը կը թառամին
Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թառամի։
5Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին։
Երկիրը անոր երեսէն կը խախտի,
Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները։
6Անոր ցասումին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ
Եւ անոր սաստիկ բարկութեանը
Ո՞վ կրնայ դէմ դնել։
Անոր սրտմտութիւնը կրակի պէս կը թափի
Ու ապառաժները անկէ կը խորտակուին։
7Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է,
Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ։
8Բայց այն քաղաքին տեղը յորդահոս հեղեղով բոլորովին պիտի ջնջէ
Եւ խաւարը պիտի հալածէ անոր թշնամիները։
9Եհովային դէմ ի՞նչ կը ծրագրէք։
Բնաջինջ ընողը անիկա է։
Թշնամիներէն երկրորդ անգամ վրէժ պիտի չլուծէ։
10Քանզի անոնք՝ փուշերու պէս փաթթուած
Ու իրենց ըմպելիքովը գինովցածի պէս են,
Բոլորովին չորցած յարդի պէս պիտի այրին։
11Քեզմէ՝ Եհովային դէմ չարութիւն մտածող մը,
Անօրէն խորհրդական մը ելաւ։
12Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Թէեւ անոնք խաղաղութեան մէջ են ու բազմաթիւ են,
Սակայն անոնք պիտի կոտորուին ու անցնին։
Թէեւ քեզ նեղեցի, ա՛լ պիտի չնեղեմ։
13Հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի վերցնեմ
Ու քու կապերդ պիտի կտրեմ»։
14Տէրը քեզի համար հրամայեց,
Անգամ մըն ալ քու անունդ պիտի չտարածուի։
Քու աստուածներուդ տունէն
Քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը բնաջինջ պիտի ընեմ։
Զանիկա քու գերեզմանդ պիտի ընեմ,
Քանզի դուն անարգ եղար»։
15Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին,
Խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։
Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա, ուխտերդ կատարէ՛.
Քանզի ա՛լ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի,
Անիկա բոլորովին կտրուեցաւ։
Currently Selected:
ՆԱՒՈՒՄԱՅ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.