ՄԻՔԻԱՅ 7
7
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
1Վա՜յ ինծի, որ ամառնային պտուղը քաղուածի պէս,
Այգեկութէն մնացած ճիռերու պէս եղայ։
Ուտելու ողկոյզ չկայ։
Հոգիս կանխահաս պտուղներու կը ցանկայ։
2Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ։
Մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ։
Ամէնքը արիւններու համար դարան կը մտնեն։
Ամէն մարդ իր եղբայրը որոգայթով կ’որսայ։
3Ձեռքերով չարութիւն ընելու համար
Իշխանը պարգեւ կը պահանջէ
Եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի։
Մեծ մարդը իր սրտին ցանկութեանը համեմատ կը խօսի։
Այսպէս զանիկա կը ծռեն։
4Անոնց աղէկը՝ փուշի պէս,
Շիտակը փշեղէն ցանկէն գէշ է.
Քու դէտերուդ օրը քու պատիժդ եկաւ,
Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ։
5Բարեկամի մի՛ հաւատաք,
Մտերիմ բարեկամի մի՛ ապաւինիք,
Ծոցդ պառկողէն բերնիդ դռներուն հսկէ՛.
6Քանզի տղան իր հայրը կ’անարգէ,
Աղջիկը՝ իր մօրը դէմ ու հարսը իր կեսուրին դէմ կ’ելլէ.
Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքն են։
7Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ,
Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ,
Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ։
ՏԷՐԸ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ
8Ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդար.
Թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ,
Թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ։
9Տէրոջը բարկութիւնը պիտի կրեմ
Քանզի անոր դէմ մեղք գործեցի
Մինչեւ անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ,
Զիս լոյսը հանէ ու իրեն արդարութիւնը տեսնեմ։
10Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ.
Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա, որ ինծի կ’ըսէր թէ՝
«Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ»։
Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն.
Հիմա անիկա փողոցներուն ցեղին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ։
11Այն օրը որ քու պարիսպներդ շինուին
Նոյն օրը Աստուծոյ խօսքը հեռացած պիտի ըլլայ։
12Այն օրը Ասորեստանէն եւ #7:12 Կամ, Եգիպտոսիպարսպապատ քաղաքներէն
Ու #7:12 Կամ, Եգիպտոսէպարիսպէն մինչեւ Գետը
Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ քեզի պիտի գան։
13Սակայն երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն #7:13 Կամ, հետպատճառով,
Որպէս զի իրենց գործերուն պտուղէն ուտեն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԿԸ ԿԱՐԵԿՑԻ
14Քու գաւազանովդ հովուէ՛ քու ժողովուրդդ,
Քու ժառանգութեանդ խաշինքը,
Որ առանձին անտառ մը կը նստի Կարմեղոսի մէջ։
Անոնք հին օրերու պէս
Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին։
15Անոր հրաշքներ պիտի ցուցնեմ,
Ինչպէս այն օրերը, երբ Եգիպտոսէն ելար։
16Ազգերը պիտի տեսնեն
Ու իրենց բոլոր քաջութենէն պիտի ամչնան։
Բերնի վրայ ձեռք պիտի դնեն
Ու անոնց ականջները պիտի խլանան։
17Օձի պէս հող պիտի լզեն,
Երկրի սողուններուն պէս
Իրենց պահուըտած տեղերուն մէջ պիտի դողան,
Մեր Տէր Աստուծմէն պիտի զարհուրին
Ու քեզմէ պիտի վախնան։
18Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ,
Որ անօրէնութեան կը ներէ
Ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ.
Իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր,
Քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։
19Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ,
Մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։
Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը
Ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես։
20Յակոբին ճշմարտութիւն պիտի ընես
Եւ Աբրահամին՝ ողորմութիւն,
Ինչպէս հին օրերէն ի վեր
Մեր հայրերուն երդումով խոստացեր ես։
Currently Selected:
ՄԻՔԻԱՅ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.