YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 9

9
ԱՀԱՐՈՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ
1Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ Իսրայէլի ծերերը 2Եւ ըսաւ Ահարոնին. «Ա՛ռ քեզի մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը ու ողջակէզի համար՝ խոյ մը. անոնք անարատ պէտք է ըլլան եւ Տէրոջը առջեւ մօտեցո՛ւր 3Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՝ ըսելով. ‘Մեղքի պատարագի համար այծերէն՝ նոխազ մը եւ ողջակէզի համար զուարակ մը ու գառնուկ մը առէ՛ք. մէկ տարեկան եւ անարատ ըլլալու են։ 4Նաեւ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջը առջեւ զոհելու արջառ մը ու խոյ մը ու իւղով շաղուած հացի ընծայ առէք. վասն զի այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ’»։ 5Եւ Մովսէսին պատուիրածները վկայութեան խորանին առջեւ բերին ու բոլոր ժողովուրդը մօտեցան ու Տէրոջը առջեւ կայնեցան։ 6Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այս է Տէրոջը պատուէրը. ասիկա ըրէ՛ք ու Տէրոջը փառքը ձեզի պիտի երեւնայ»։ 7Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սեղանին մօտեցի՛ր ու քու մեղքի պատարագդ եւ ողջակէզդ ըրէ՛ եւ քեզի համար ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրէ՛ եւ ժողովուրդին ընծան մատուցանելով՝ անոնց համար քաւութիւն ըրէ՛ Տէրոջը պատուիրածին պէս»։
8Ուստի Ահարոն սեղանին մօտեցաւ եւ իրեն համար եղած մեղքի պատարագին զուարակը մորթեց։ 9Ահարոնին որդիները արիւնը մօտեցուցին անոր ու անիկա իր մատը արիւնը թաթխեց ու սեղանին եղջիւրներուն վրայ քսեց եւ մնացած արիւնը սեղանին յատակը թափեց. 10Մեղքի պատարագին ճարպը եւ երիկամունքները եւ լեարդին թաղանթը սեղանին վրայ այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 11Եւ միսն ու մորթը բանակին դուրսի կողմը կրակով այրեց։ 12Եւ ողջակէզը մորթեց ու Ահարոնին որդիները արիւնը իրեն բերին։ Ահարոն սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ 13Եւ ողջակէզը կտորներովը ու գլխովը իրեն բերին եւ սեղանին վրայ այրեց։ 14Եւ փորոտիքն ու ոտքերը լուաց ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրեց։
15Եւ ժողովուրդին ընծան մօտեցուց ու ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըրաւ, առաջուանին պէս։ 16Եւ ողջակէզը մօտեցուց ու օրէնքին համաձայն մատուցանեց։ 17Եւ հացի ընծան մօտեցուց ու անկէ ձեռքը լեցուց եւ սեղանին վրայ այրեց, առտուան ողջակէզէն զատ։ 18Եւ ժողովուրդին խաղաղութեան զոհ ըլլալու արջառը ու խոյը մորթեց եւ Ահարոնին որդիները արիւնը անոր բերին ու սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ 19Եւ արջառին ճարպերն ու խոյին դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երիկամունքներն ու լեարդին թաղանթը բերին 20Եւ ճարպերը երբուծներուն վրայ դրին ու ճարպերը սեղանին վրայ այրեց։ 21Ահարոնին երբուծներն ու աջ զիստը Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց, ինչպէս Մովսէսին պատուիրեր էր։
22Եւ Ահարոն իր ձեռքերը ժողովուրդին վրայ երկնցուց ու օրհնեց զանոնք եւ մեղքի պատարագն ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհերը մատուցանելէն ետքը իջաւ։ 23Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանը մտան եւ անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին եւ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։ 24Եւ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրեց եւ բոլոր ժողովուրդը տեսնելով՝ աղաղակեցին ու երեսնուն վրայ ինկան։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 9: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in