ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 8
8
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՕԾՈՒՄԸ
(Ելից 29:1-37)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Ա՛ռ Ահարոնն ու անոր որդիները իրեն հետ եւ զգեստներն ու օծման իւղը եւ մեղքի պատարագին զուարակն ու երկու խոյերը եւ անխմոր հացին սակառը 3Եւ հաւաքէ բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ վկայութեան խորանին դուռը»։ 4Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ վկայութեան խորանին դուռը։ 5Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Այս է ինչ որ Տէրը պատուիրեց»։ 6Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց 7Եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։ 8Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։ 9Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
10Մովսէս օծման իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբեց զանոնք 11Եւ անկէ սեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց, զանոնք սրբելու համար։ 12Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։ 13Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնին որդիները ու անոնց շապիկներ հագցուց եւ մէջքերնին գօտի կապեց ու անոնց գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
14Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։ 15Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։ 16Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք։ 17Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
18Եւ ողջակէզին խոյը մօտեցուց։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին։ 19Եւ մորթեց զանիկա եւ Մովսէս շուրջանակի սեղանին վրայ սրսկեց արիւնը 20Եւ խոյը կտոր կտոր ըրաւ ու Մովսէս այրեց գլուխը եւ կտորներն ու ճարպը։ 21Փորոտիքն ու ոտքերը ջրով լուաց եւ Մովսէս բոլոր խոյը սեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ էր Տէրոջը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
22Եւ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն օրհնութեան խոյը։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին 23Եւ մորթեց զանիկա ու Մովսէս անոր արիւնէն առաւ եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսեց։ 24Ահարոնին որդիներն ալ մօտեցուց ու Մովսէս արիւնէն անոնց աջ ականջներուն բլթակներուն վրայ եւ անոնց աջ ձեռքերուն մեծ մատերուն վրայ ու անոնց աջ ոտքերուն մեծ մատերուն վրայ քսեց եւ Մովսէս սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց մնացած արիւնը։ 25Եւ ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպն ու աջ զիստը առաւ 26Եւ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն անխմոր շօթ մը, իւղով հացի շօթ մը ու լաւաշ մը առաւ եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զստին վրայ դրաւ։ 27Եւ բոլորը Ահարոնին ու անոր որդիներուն ձեռքը դնելով՝ զանոնք Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ #8:27 Եբր., երերցուցմատուցանեց։ 28Եւ Մովսէս անոնց ձեռքէն առաւ զանոնք ու սեղանը եղած ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք օրհնութեան համար անուշահոտ պատարագ էին Տէրոջը։ 29Եւ Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Ասիկա օրհնութեան խոյէն Մովսէսին բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ 30Եւ Մովսէս օծման իւղէն ու սեղանին վրայ եղած արիւնէն առնելով՝ Ահարոնին վրայ ու անոր հանդերձներուն վրայ եւ անոր որդիներուն վրայ ու անոր որդիներուն հանդերձներուն վրայ սրսկեց եւ Ահարոնն ու անոր հանդերձները եւ անոր որդիներն ու անոր որդիներուն հանդերձները սրսկեց։
31Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն. «Միսը վկայութեան խորանին դրանը քով եռացուցէք եւ հոն օրհնութեան սակառին մէջի հացերովը կերէք զանիկա, ինչպէս #8:31 Կամ, ես պատուիրեցիինծի պատուիրուեցաւ՝ ՝, ըսելով թէ Ահարոնն ու անոր որդիները պիտի ուտեն զանոնք։ 32Եւ միսէն ու հացէն աւելցածը կրակով այրեցէ՛ք 33Եւ եօթը օր վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր օրհնութեան օրերուն վերջին օրը. վասն զի ձեր օրհնութիւնը եօթը օր պիտի ըլլայ։ 34Այս օրուան եղածին պէս, ձեզի համար քաւութիւն ընելու, Տէրը հրաման ըրաւ, որ այսպէս ընէք։ 35Ուստի ցորեկը ու գիշերը եօթը օր վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի նստիք ու Տէրոջը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի չմեռնիք. քանզի այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն»։ 36Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին միջոցով պատուիրած բոլոր բաները ըրին։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 8: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.