YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 10

10
ՆԱԴԱԲԻՆ ՈՒ ԱԲԻՈՒԴԻՆ ՄԵՂՔԸ
1Ահարոնին որդիները՝ Նադաբ ու Աբիուդ՝ ամէն մէկը իր բուրվառը առաւ ու անոր մէջ կրակ դրին եւ վրան խունկ դրին ու Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց։ 2Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սպառեց զանոնք եւ Տէրոջը առջեւ մեռան։ 3Այն ատեն Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Տէրը այսպէս խօսեցաւ, ըսելով. ‘Ինծի մօտեցողներուն մէջ սուրբ պիտի սեպուիմ ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ փառաւորուիմ’» եւ Ահարոն լուռ կեցաւ։ 4Մովսէս կանչեց Ահարոնին հօրեղբօրը Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը՝ եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն բանակէն դուրս տարէ՛ք»։ 5Անոնք մօտեցան ու Մովսէսին ըսածին պէս՝ զանոնք իրենց շապիկներովը բանակէն դուրս տարին։
6Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք, որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի բոլոր տունը՝ Տէրոջը այրածին վրայ թող լան։ 7Եւ դուք վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէս զի չմեռնիք. վասն զի Տէրոջը օծման իւղը վրանիդ է»։ Անոնք Մովսէսին ըսածին պէս ըրին։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
8Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին՝ ըսելով. 9«Երբ վկայութեան խորանը մտնէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ, 10Որպէս զի սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ եւ անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք 11Եւ որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որոնք Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած է անոնց»։
12Մովսէս խօսեցաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Տէրոջը պատարագներէն աւելցած հացի ընծան առէք ու սեղանին քով բաղարջ կերէք. վասն զի անիկա ամենասուրբ է։ 13Սուրբ տեղը կերէք զանիկա, վասն զի Տէրոջը պատարագներէն քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքն է. քանզի ինծի այսպէս պատուիրած է։ 14Եւ երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը՝ դուն ու քու որդիներդ եւ քու աղջիկներդ քեզի հետ մաքուր տեղ մը կերէք, վասն զի Իսրայէլի որդիներուն խաղաղութեան զոհերէն որպէս քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքը տրուած են։ 15Բարձրացնելու զիստն ու երերցնելու երբուծը ճարպին պատարագներովը Տէրոջը առջեւ երերցնելու համար թող բերեն, որպէսզի Տէրոջը պատուիրածին պէս քուկդ ու քու որդիներուդ ըլլայ յաւիտենական կանոնով»։
16Եւ Մովսէս մեղքի պատարագին նոխազը զգուշութեամբ փնտռեց եւ ահա այրուած էր, ուստի Ահարոնին որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին՝ բարկացաւ՝ ըսելով. 17«Ինչո՞ւ մեղքի պատարագը սուրբ տեղը չկերաք. քանզի այս ամենասուրբ է ու Տէրը տուաւ ձեզի, որպէս զի ժողովուրդին անօրէնութիւնը վերցնէք ու Տէրոջը առջեւ անոնց համար քաւութիւն ընէք։ 18Ահա անոր արիւնը սրբարանին մէջ չբերուեցաւ. դուք իմ պատուիրածիս պէս անպատճառ սուրբ տեղը ուտելու էիք զայն»։ 19Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ահա այսօր իրենց մեղքի պատարագը ու ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մատուցանեցին ու գլխուս այսպիսի բաներ եկան եւ եթէ այսօր մեղքի պատարագը ուտելու ըլլայի, Տէրոջը առջեւ հաճելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք»։ 20Եւ երբ Մովսէս այս լսեց, հաճեցաւ։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 10: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 10