YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 5

5
ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
1Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ։ 2Կամ անձ մը անմաքուր բանի մը կամ անմաքուր գազանի մը դիակին կամ անմաքուր անասունի մը դիակին կամ անմաքուր սողունի մը դիակին դպչելու ըլլայ, թէպէտեւ չգիտնալով, անիկա անմաքուր ու յանցաւոր պէտք է սեպուի։ 3Կամ մարդու անմաքրութեան, որեւիցէ անմաքրութեան, որ կրնայ պղծել մէկը, չգիտնալով դպչելու ըլլայ, երբ գիտնայ, այն ատեն յանցաւոր պիտի ըլլայ։ 4Կամ անձ մը չարիք կամ բարիք ընելու համար բերնովը անխորհրդաբար երդում ընելու ըլլայ, (ինչպէս մարդիկ երդումով անխորհրդաբար կը խօսին,) եթէ չգիտնալով ըլլայ, ինք զայն գիտցած ատեն ասոնց մէկուն մէջ յանցաւոր պիտի սեպուի։ 5Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի 6Եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար թող բերէ Տէրոջը ու քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։
7Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, մէկը՝ մեղքի պատարագ եւ միւսը ողջակէզ ըլլալու համար։ 8Քահանային պէտք է բերէ զանոնք ու անիկա նախ պիտի մատուցանէ մէկը, որ մեղքի պատարագ է եւ անոր գլուխը իր վիզէն չզատելով փրցնէ 9Եւ մեղքի պատարագին արիւնէն սեղանին մէկ քովը թող սրսկէ ու մնացած արիւնը սեղանին յատակը թող քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ է, 10Իսկ միւսը՝ օրէնքին համաձայն թող ողջակիզէ ու քահանան անոր քաւութիւն ընէ անոր ըրած մեղքին համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։
11Իսկ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն։ 12Եւ քահանային թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր յիշատակին համար առնէ ու սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը պատարագներուն հետ։ Մեղքի պատարագ է այն։ 13Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր ըրած մեղքին համար ու անոր թողութիւն ըլլայ եւ մնացածը հացի ընծայի պէս քահանային պէտք է ըլլայ»։
ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
14Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 15«Եթէ մէկը յանցանք մը գործէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար հօտերէն անարատ խոյ մը՝ թող քու որոշած արժէքին չափ արծաթի սիկղ բերէ։ 16Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը թող հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր եւ թողութիւն ըլլայ անոր։
17Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, թէեւ անգիտութեամբ, անիկա յանցաւոր է ու իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ։ 18Եւ քու որոշած արժէքիդ չափ յանցանքի պատարագի համար հօտերէն անարատ խոյ մը թող բերէ քահանային ու քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ՝ անոր անգիտութեամբ սխալելուն համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։ 19Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Անիկա անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջը առջեւ»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 5: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy