YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 6

6
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը գործէ եւ իր դրացիին սուտ խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար եւ կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ, 3Կամ կորսուած բան մը գտնէ եւ ուրանալով սուտ տեղ երդում ընէ, բոլոր այս բաներէն ոեւէ մէկը, որ մարդ կրնայ ընել կամ մեղանչելու ըլլայ, 4Այն ատեն մեղք գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակուած բանը, կամ խարդախութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պէտք է տայ. 5Կամ այն ամէն բան որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ եւ իր յանցանքին պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պէտք է տայ։ 6Եւ իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու որոշած արժէքին համեմատ, թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։ 7Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։
ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄ
8Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 9«Պատուիրէ Ահարոնին որդիներուն ու ըսէ. Ողջակէզին օրէնքը այս է՝ ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչեւ առտու սեղանը եղած կրակին վրայ թող մնայ ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։ 10Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը թող հագնի եւ կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն վերցնէ ու սեղանին քով դնէ։ 11Եւ իր զգեստները հանէ եւ ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը հանէ։ 12Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի եւ քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ եւ անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։ 13Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։
ՀԱՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ
14Հացի ընծային օրէնքը այս է.Ահարոնին որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը սեղանին առջեւ։ 15Եւ իր ձեռքը թող լեցնէ անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն ու անոր իւղէն եւ հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկէն վերցնէ եւ անոր յիշատակի մասը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը։ 16Եւ անկէ մնացածը Ահարոն ու իր որդիները պիտի ուտեն։ Անխմոր հացեր շինուելով՝ սուրբ տեղը պիտի ուտուի ան. վկայութեան խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն։ 17Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. այս մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է։ 18Ահարոնին որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այս, ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ»։
19Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 20«Ահարոնին ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցուելիք զոհերնին այս է՝ արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օրուան հացի ընծայի համար պէտք է մատուցանուի, կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը։ 21Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պէտք է շինուի. #6:21 Կամ, կտոր կտոր եղածլաւ խառնուած պիտի բերես զայն եւ հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես։ 22Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի։ 23Եւ քահանային բոլոր հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի. պիտի չուտուի»։
ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ
24Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 25«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է՝ Ողջակէզին մորթուած տեղը պէտք է մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ։ Այս ամենասուրբ է։ 26Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը, վկայութեան խորանին սրահը պէտք է ուտուի. 27Ինչ որ անր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ եւ եթէ անոր արիւնէն հանդերձի մը վրայ ցատկէ, սուրբ տեղը պիտի լուաս զայն՝ որուն վրայ ցատկեր էր։ 28Եւ հողէ ամանը, որուն մէջ եռացուած է այս միսը, պիտի կտրուի ու եթէ պղնձէ ամանի մէջ եռացուած ըլլայ, պէտք է շփուի ու ջրով լուացուի։ 29Քահանաներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զանիկա։ Այս ամենասուրբ է։ 30Եւ ամէն մեղքի պատարագ, որուն արիւնէն վկայութեան խորանը կը բերուի սուրբ տեղին մէջ քաւութիւն ընելու համար, պէտք չէ ուտուի, այլ՝ կրակով այրուի»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 6: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy