YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 4

4
ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, 3Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը, իբր մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը 4Եւ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ թող բերէ զուարակը ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ եւ Տէրոջը առջեւ մորթէ զուարակը։ 5Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու վկայութեան խորանը բերէ։ 6Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւ, սրբարանին վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։ 7Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջը առջեւ անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ որ վկայութեան խորանին մէջ է ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թող թափէ։ 8Մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ վերցնէ 9Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը իր երիկամունքներովը մէկտեղ փրցնէ, 10Խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս եւ քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։ 11Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովն ու ոտքերովը եւ անոր փորոտիքն ու աղբը, 12Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը հանէ եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն։ Մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։
13Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը #4:13 Եբր., սխալի ու ժողովուրդի աչքէն գաղտուկ պահուի բանըանգիտութեամբ սխալին՝ ՝ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան, 14Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովուրդը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ ու վկայութեան խորանին առջեւ բերէ զանիկա։ 15Ժողովուրդին ծերերը Տէրոջը առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ թող դնեն ու զուարակը թող մորթուի։ 16Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն վկայութեան խորանը բերէ։ 17Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւի վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։ 18Եւ արիւնէն քիչ մը վկայութեան խորանին մէջ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ 19Անոր բոլոր ճարպը թող վերցնէ անկէ ու սեղանին վրայ այրէ։ 20Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս որ ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, որ անոնց թողութիւն ըլլայ։ 21Եւ բանակէն դուրս թող հանէ զուարակը ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, աս ալ այնպէս թող այրէ. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագն է այս։
22Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ, 23եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը իբր ընծայ թող բերէ 24Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ դնէ ու զանիկա Տէրոջը առջեւ ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ։ Մեղքի պատարագ է այս։ 25Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ 26Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ թող այրէ ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, թողութիւն ըլլայ անոր։
27Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ 28Եւ եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իր ըրած մեղքին համար իբր ընծայ այծերէն անարատ էգ այծ մը թող բերէ։ 29Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ։ 30Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ 31Անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս թող փրցնէ ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջեւ եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, որ անոր թողութիւն ըլլայ։ 32Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ 33Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն։ 34Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ 35Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 4: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy