YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 3

3
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒՄ
1«Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ առջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։ 2Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ թող դնէ ու վկայութեան խորանին դուռը մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին շուրջը թող սրսկեն արիւնը։ 3Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երկու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։ 4Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ 5Եւ Ահարոնին որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ թող այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
6Եւ եթէ խաղաղութեան զոհին համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, արու ըլլայ կամ էգ, անարատ պէտք է ըլլայ։ 7Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն 8Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները սեղանին շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ 9Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը #3:9 Եբր., ողնայարէնտակէն փրցնելով եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 10Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 11Եւ քահանան սեղանին վրայ այրէ ասոնք Տէրոջը #3:11 Եբր., պատարագի հացպատարագ ըլլալու համար։
12Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն։ 13Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ 14Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 15Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 16Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Բոլոր ճարպը Տէրոջն է։ 17Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 3: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy