YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 2

2
ՀԱՑԻ ԸՆԾԱՅ
1«Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։ 2Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ 3Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։
4Եւ եթէ թոնիրին մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։
5Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։ 6Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։
7Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։ 8Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։ 9Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ 10Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։
11Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։ 12Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։ 13Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընէս։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։
14Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։ 15Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։ 16Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 2