ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26
26
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Բ. Օր. 7:12-24, 28:1-14)
1«Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
2Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։
3Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք, 4Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան 5Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ 6Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։ 7Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ 8Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ 9Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։ 10Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին #26:10 Եբր., երեսէնտեղ ընելու համար՝ ՝ հինը դուրս պիտի հանէք։ 11Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի։ 12Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։ 13Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺԸ
(Բ. Օր. 28:15-68)
14Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք ու բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք 15Եւ իմ կանոններս անարգէք ու ձեր հոգին իմ կարգադրութիւններէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք ու իմ ուխտս աւրէք, 16Ես ալ ձեզի այդպէս պիտի ընեմ՝ այսինքն ձեր վրայ աչք փճացնող եւ սիրտ մարեցնող վախ, ծիւրական ախտ ու հրատագնապ տենդ պիտի ղրկեմ եւ ձեր սերմը պարապ տեղ պիտի սերմանէք. վասն զի ձեր թշնամիները պիտի ուտեն զայն. 17Եւ իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք։ 18Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, այն ատեն ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։ 19Եւ ձեր զօրութեան հպարտութիւնը պիտի խորտակեմ ու ձեր երկինքը երկաթի պէս եւ ձեր երկիրը պղնձի պէս պիտի ընեմ։ 20Եւ ձեր ոյժը պարապ տեղ պիտի հատնի ու ձեր երկիրը իր արդիւնքը պիտի չտայ եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։
21Եւ եթէ դուք ինծի հակառակ երթաք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, այն ատեն ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։ 22Եւ ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ անզաւակ պիտի ընեն ու ձեր անասունները ջարդեն եւ ձեզ պիտի քիչցնեն ու ձեր ճամբաները անապատ պիտի դառնան։ 23Եւ եթէ ասոնցմով ալ չխրատուիք ու ինծի հակառակ երթաք, 24Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ եւ ես ալ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ։ 25Եւ ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ ու ձեր քաղաքներուն մէջ պիտի հաւաքուիք եւ ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ ու թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։ 26Ձեր հացին ցուպը կոտրած ատենս, տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն ձեր հացը եւ ձեր հացը կշռելով պիտի տրուի ձեզի ու պիտի ուտէք եւ կշտանաք։
27Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա հակառակ երթաք ինծի, 28Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ բարկութեամբ եւ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ 29Եւ ձեր տղաքներուն միսը պիտի ուտէք ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։ 30Եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի աւերեմ ու ձեր արեգակի կուռքերը կոտրտեմ եւ ձեր դիակները ձեր կուռքերուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի զզուի։ 31Եւ ձեր քաղաքները՝ աւերակ ու ձեր սուրբ տեղերը ամայի պիտի ընեմ եւ ձեր անոյշ հոտը պիտի չհոտուըտամ։ 32Եւ այն երկիրը ամայի պիտի ընեմ, որպէս զի հոն բնակող ձեր թշնամիները զարմանան անոր վրայ։ 33Եւ ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ ու ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ եւ ձեր երկիրը ամայի պիտի ըլլայ ու ձեր քաղաքները՝ աւերակ։ 34Այն ատեն երկիրը իր ամայութեան բոլոր օրերը իր շաբաթները պիտի վայելէ, երբ դուք ձեր թշնամիին երկրին մէջ ըլլաք. երկիրը այն ատեն հանգիստ ըլլալով՝ իր շաբաթները պիտի վայելէ. 35Իր ամայութեան բոլոր օրերը պիտի հանգստանայ. քանզի ձեր շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար, երբ անոր վրայ կը բնակէիք։ 36Եւ ձեզմէ ողջ մնացածներուն սրտին դող պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ ու հովէն քշուած տերեւին ձայնը պիտի հալածէ զանոնք եւ սուրի բերնէ փախչելու պէս պիտի փախչին անոնք ու առանց հալածուելու պիտի իյնան։ 37Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։ 38Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։ 39Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրենութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին։
40Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը։ 41Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին, 42Այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ։
43Եւ յիրաւի այն երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ ու իր շաբաթները պիտի վայելէ, քանի որ անոնցմէ ամայի պիտի մնայ եւ անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ պիտի ընդունին. քանզի իմ կարգադրութիւններս անարգեցին ու անոնց հոգիները իմ կանոններէս զզուեցան։ 44Ամէն պարագայի երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ եւ զանոնք բոլորովին կորսնցնելու ու անոնց հետ ըրած ուխտս ջնջելու չափ պիտի չզզուիմ անոնցմէ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։ 45Բայց անոնց համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ազգերուն առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ես եմ Տէրը»։
46Ասոնք են այն կանոնները եւ կարգադրութիւններն ու օրէնքները, որոնք Տէրը տուաւ իր ու Իսրայէլի որդիներուն՝ Սինա լեռը՝ Մովսէսին միջոցով։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.