1
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:12
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։
Compare
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:12
2
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:4
Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:4
3
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:3
Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:3
4
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:6
Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:6
5
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:9
Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:9
6
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:13
Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:13
7
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:11
Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:11
8
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:1
«Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:1
9
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:10
Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին տեղ ընելու համար՝ ՝ հինը դուրս պիտի հանէք։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:10
10
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:8
Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:8
11
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:5
Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:5
12
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:7
Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:7
13
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:2
Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։
Explore ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26:2