YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 1

1
ՈՂՋԱԿԷԶԻ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ
1Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն անոր ըսաւ. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց՝ ‘Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն մատուցանեցէք’։
3«Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։ 4Իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ թող դնէ՛, որպէս զի այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։ 5Զուարակը թող մորթէ Տէրոջը առջեւ ու Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ արիւն թող մատուցանեն եւ վկայութեան խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեն արիւնը։ 6Ողջակէզին մորթը թող հանէ՛ ու կտոր կտոր ընէ՛ ողջակէզը։ 7Ահարոն քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ թող դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն։ 8Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանը եղած կրակին վրայ փայտերուն վրայի պէտք է շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը. 9Բայց անոր փորոտիքն ու ոտքերը ջրով պէտք է լուայ եւ քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար։
10Եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ։ 11Պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջեւ՝ սեղանին հիւսիսային կողմը։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին վրայ շուրջանակի թող սրսկեն անոր արիւնը։ 12Կտոր կտոր ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը եւ քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ շարէ զանոնք։ 13Փորոտիքը ու ոտքերը ջրով լուայ։ Քահանան բոլորը թող բերէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։
14Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանուելիք ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։ 15Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ եւ սեղանին վրայ այրէ ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։ 16Եւ անոր կտնառքը ու աղբը թող զատէ եւ սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։ 17Եւ զանիկա թեւերէն պատռէ առանց զատելու ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ է Տէրոջը։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 1