YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 17

17
ԱՐԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱԼԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Այս բանն է, որ Տէրը պատուիրեց, ըսելով. 3Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը եւ կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ 4Եւ Տէրոջը խորանին առջեւ Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար վկայութեան խորանին առջեւ չբերէ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, 5Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը որոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն վկայութեան խորանին դուռը՝ քահանային բերեն եւ խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն։ 6Եւ քահանան պէտք է սրսկէ արիւնը վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջեւ։ 7Եւ իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պէտք է ըլլայ իրենց սերունդին մէջ։
8Եւ ըսէ՛ անոնց, Եթէ Իսրայէլի տունէն մէկը կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ 9Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար վկայութեան խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։
10Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կոսնցնեմ. 11Վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։ 12Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ՛’։ 13Եթէ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։ 14Վասն զի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է։ Անիկա է բուն կենդանութիւնը, ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք’, քանզի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ՝ պէտք է կորսուի։ 15Եւ բնիկներէն կամ օտարականներէն՝ դիակ կամ գիշատուած ուտող ոեւէ մարդ իր լաթերը պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ ու ետքը մաքուր սեպուի. 16Բայց եթէ չլուայ զանոնք եւ իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 17: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in