YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 18

18
ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը։ 3Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք։ 4Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ 5Ուստի իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը։
6Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին թող չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։ Ես եմ Տէրը։ 7Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար. 8Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։ 9Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջկան, քու քրոջդ մերկութիւնը, տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 10Քու որդիիդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։ 11Քու հօրդ կնոջ աղջկան մերկութիւնը, քու հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալով, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 12Քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ ազգականն է։ 13Քու մօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար, վասն զի անիկա քու մօրդ ազգականն է։ 14Քու հօրդ եղբօր մերկութիւնը մի՛ բանար, անոր կնոջ մի՛ մօտենար. անիկա քու հօրաքոյրդ կը համարուի։ 15Քու հարսիդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու որդիիդ կինն է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 16Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է։ 17Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը մի՛ բանար եւ անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօէնութիւն կ’ըլլայ։ 18Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ զանիկա իր կենդանութեան ատենը վշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով։
19Իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը մի՛ մօտենար՝ անոր մերկութիւնը բանալու։ 20Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։ 21Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թողուր եւ քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր։ Ես եմ Տէրը։ 22Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր՝ պղծութիւն է այդ։ 23Բնաւ անասունի մը հետ մի՛ զուգաւորուիր, անոր հետ պղծուելով ու բնաւ կին մը անասունի առջեւ չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորուելու։ Գարշութիւն է այդ։
24Ասոնցմէ ոեւէ մէկով բնաւ մի՛ պղծուիք, վասն զի ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ։ 25Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։ 26Ուստի դուք իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ մի՛ ընէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացող օտարականը. 27Որովհետեւ ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին ու այն երկիրը պղծուեցաւ։ 28Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։ 29Քանզի ով որ այս պղծութիւններէն ոեւէ մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։ 30Ուստի իմ հրամաններս պահեցէ՛ք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մէ՛կը չընէք ու անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 18: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in