ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16
16
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Ահարոնին երկու որդիներուն մեռնելէն ետքը, որոնք Տէրոջը առջեւ մօտեցան ու մեռան։ 2Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ քու եղբօրդ Ահարոնին, որ ամէն ատեն սուրբ տեղը, վարագոյրին ներսիդին, տապանակին վրայ եղած քաւութեան առջեւ չմտնէ, որպէս զի չմեռնի. վասն զի ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութեան վրայ։ 3Ահարոն այս բաներով պէտք է մտնէ սրբարանը. մեղքի պատարագի համար՝ զուարակով մը եւ ողջակէզի համար՝ խոյով մը։ 4Կտաւէ սուրբ շապիկ պիտի հագնի եւ իր մարմնին վրայէն՝ կտաւէ վարտիք ու իր մէջքը կտաւէ գօտի կապէ եւ իր գլուխը կտաւէ խոյր դնէ։ Ասոնք սուրբ զգեստներ են. ուստի իր մարմինը ջրով թող լուայ, ապա զանոնք հագնի։ 5Եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդէն մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ ու ողջակէզի համար մէկ խոյ պէտք է առնէ։ 6Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ։ 7Երկու նոխազ պիտի առնէ ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ 8Ահարոն այդ երկու նոխազներուն վրայ վիճակ թող ձգէ. մէկ վիճակը՝ Տէրոջը համար ու միւս վիճակը՝ ազատ արձակուելիք նոխազին համար։ 9Ահարոն թող մօտեցնէ այն նոխազը, որուն վրայ Տէրոջը վիճակը ելաւ ու մեղքի պատարագ ընէ զանիկա։ 10Այն նոխազը, որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ ու ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։
11Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ եւ իր մեղքի պատարագին զուարակը մորթէ։ 12Եւ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։ 13Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին #16:13 Եբր., ամպըմուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։ 14Եւ զուարակին արիւնէն թող առնէ ու իր մատով քաւութեան վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ եւ իր մատով արիւնէն քաւութեան առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։
15Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը թող մորթէ ու անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ եւ ինչպէս զուարակի արիւնովը ըրաւ այնպէս ընէ ասոր արիւնովը, այսինքն քաւութեան վրայ ու քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։ 16Եւ սրբարանին համար քաւութիւն թող ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն ու անոնց բոլոր մեղքերուն յանցանքներէն սրբելով զանիկա. այսպէս պէտք է ընէ վկայութեան խորանին համար ալ, որ անոնց հետ ու անոնց անմաքրութիւններուն մէջ կը կենայ։ 17Եւ սրբարանը քաւութիւն ընելու մտած ատեն, մինչեւ որ իրեն համար ու իր տանը համար եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ, վկայութեան խորանին մէջ մարդ մը պէտք չէ ըլլայ։ 18Ետքը Տէրոջը առջեւ եղած խորանէն դուրս ելլէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն առնէ եւ սեղանին եղջիւրներուն վրայ շուրջանակի դնէ։ 19Եւ արիւնէն իր մատով եօթը անգամ անոր վրայ պէտք է սրսկէ ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ ու սուրբ ընէ զայն։
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱԶԸ
20Եւ սրբարանին ու վկայութեան խորանին եւ սեղանին համար քաւութիւն ընելը լմնցնելէն ետքը, ողջ նոխազը պէտք է մօտեցնէ 21Եւ Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլխուն վրա թող դնէ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր յանցանքները եւ բոլոր մեղքերը թող խոստովանի անոր վրայ եւ զանոնք նոխազին գլխուն վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը ղրկէ։ 22Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ առած՝ անբնակ երկիր մը թող տարուի եւ մարդը անապատին մէջ թող արձակէ նոխազը։
23Ահարոն վկայութեան խորանը թող մտնէ ու սրբարանը մտնելու ժամանակ հագած կտաւէ հանդերձները հանէ եւ զանոնք հոն դնէ։ 24Եւ սուրբ տեղը իր մարմինը ջրով թող լուայ ու իր հանդերձները հագնի ու ելլէ իր ողջակէզը ու ժողովուրդին ողջակէզը մատուցանէ ու իրեն համար եւ ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ 25Եւ մեղքին պատարագին ճարպը սեղանին վրայ թող այրէ։
26Եւ ան որ նոխազը արձակելու տարաւ, իր հանդերձները թող լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։
27Եւ այն մեղքին պատարագին զուարակը ու մեղքին պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սուրբ տեղը բերուեցան, բանակէն դուրս թող հանեն եւ անոնց մորթերն ու անոնց միսերը եւ անոնց աղբը կրակով այրեն։ 28Զանոնք այրողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ
29Եւ այս ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ, որ եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասներորդ օրը ձեր անձերը պէտք է խոնարհեցնէք ու բնաւ գործ մը չգործէք, թէ՛ բնիկը եւ թէ՛ ձեր մէջ գտնուող օտարականը։ 30Քանզի այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի կատարէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջեւ։ 31Այն՝ ձեզի հանգստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ եւ յաւիտենական կանոնով մը պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը։ 32Եւ իր հօրը տեղը քահանայութիւն ընելու համար օծուած ու օրհնուած քահանան քաւութիւն պիտի ընէ եւ հագնի կտաւէ հանդերձներ, այսինքն սուրբ հանդերձներ 33Եւ սուրբ տեղին համար քաւութիւն պիտի ընէ եւ վկայութեան խորանին համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընէ եւ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ 34Եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն համար իրենց բոլոր մեղքերուն քաւութիւն ընելու՝ տարին անգամ մը»։ Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.