ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 15
15
ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՆՄԱՔՐՈՒԹԵՆԷ ԾՈՐՈՒՄԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք անոնց, Երբ մարդու մը մարմնէն ծորում ըլլայ, այդ ծորումը անմաքուր է։ 3Եւ իր ծորումին համար իր անմաքրութեան օրէնքը այս է. եթէ իր մարմնէն իր ծորումը վազէ, կամ իր մարմինը իր ծորումէն գոցուի, այս է իր անմաքրութիւնը։ 4Ամէն անկողին՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը պառկի՝ անմաքուր եւ ամէն բան՝ որուն վրայ անիկա կը նստի՝ անմաքուր թող սեպուի։ 5Եւ անոր անկողնին դպչող մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 6Եւ ծորում ունեցողին նստած բանին վրայ նստողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 7Եւ ծորում ունեցողին մարմնին դպչողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 8Եթէ ծորում ունեցողը մաքուր մարդու մը վրայ թքնելու ըլլայ, մաքուր մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 9Եւ ամէն թամբ, որուն վրայ ծորում ունեցողը կը հեծնէ, անմաքուր պիտի սեպուի։ 10Եւ ամէն անոր տակ եղած բանին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի ու զանոնք վերցնողը իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 11Եւ ծորում ունեցողը իր ձեռքը ջուրը չխոթած՝ որու որ դպչելու ըլլայ, անիկա իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 12Եւ ծորում ունեցողին դպած հողէ ամանը պէտք է կոտրուի ու ամէն փայտէ աման ջուրը խոթուի։
13Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուի, իր մաքրուելուն համար եօթը օր պիտի համրէ եւ իր հանդերձները լուայ ու իր մարմինը վազող ջուրի մէջ լուայ, որ մաքուր ըլլայ։ 14Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է առնէ իրեն ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։ 15Եւ քահանան անոնցմէ մէկը՝ մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն ընէ անոր իր ծորումին համար։
16Եթէ մարդու մը զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելլելու ըլլայ, իր բոլոր մարմինը ջրով պէտք է լուայ, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 17Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթ՝ որուն վրայ զուգաւորութեան սերմ կայ, ջրով պէտք է լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 18Երբ մարդ մը կնոջը հետ զուգաւորուելու համար պառկի, անոնք երկուքն ալ ջրով պէտք է լուացուին, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուին։
19Եթէ կին մը ծորում ունենայ ու անոր մարմնին ծորումը արիւն է, եօթը օր զատուած պէտք է կենայ եւ ամէն օր անոր դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 20Անոր զատուած ատենը ինչ բանի վրայ, որ պառկի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի եւ ի՛նչ բանի վրայ որ նստի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի։ 21Անոր անկողնին դպչող ամէն մարդ իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 22Ով որ դպչի բանի մը, որուն վրայ անիկա նստաւ, իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 23Եւ անոր անկողնին դպչողը կամ բանի մը՝ որուն վրայ անիկա կը նստի, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 24Եւ եթէ մարդ մը անոր հետ պառկի, այնպէս որ անոր պղծութիւնը իրեն դպչի, այն մարդը եօթը օր անմաքուր պիտի սեպուի եւ ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա պառկի՝ անմաքուր պիտի սեպուի։
25Կին մը՝ եթէ դաշտանին ատենը չեկած, իր արեանը ծորումը շատ օրեր վազէ կամ իր դաշտանէն աւելի վազելու ըլլայ, իր անմաքրութեանը ծորումին բոլոր օրերը իր դաշտանին օրերուն պէս պէտք է ըլլայ. անիկա անմաքուր է։ 26Անոր ծորումին բոլոր օրերը ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա կը պառկի, իր դաշտանին անկողնին պէս պէտք է ըլլայ իրեն եւ ինչ բանի վրայ որ նստի, իր դաշտանին անմաքրութեանը պէս անմաքուր ըլլայ։ 27Եւ ամէն անոնց դպչողը անմաքուր ըլլայ ու իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 28Եւ եթէ իր ծորումէն մաքրուի, այն ատեն եօթը օր պիտի համրէ ու անկէ յետոյ մաքուր ըլլայ։ 29Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ իրեն ու վկայութեան խորանին դուռը քահանային բերէ զանոնք։ 30Եւ քահանան մէկը որպէս մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ եւ քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր անմաքրութեանը ծորումին համար»։
31Այսպէս Իսրայէլի որդիները իրենց անմաքրութենէն պիտի #15:31 Եբր., զատէքզգուշացնէք. որպէս զի իրենց մէջ եղած իմ խորանս պղծելով՝ իրենց անմաքրութեան պատճառաւ չմեռնին։ 32Ծորում ունեցողին եւ իրմէ զուգաւորութեան սերմը ելլելով անմաքուր եղողին 33Ու իր դաշտանով հիւանդ եղող կնոջ եւ ծորում ունեցող մարդուն կամ կնոջ ու անմաքուր կնոջ հետ պառկող մարդուն օրէնքը այս է։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 15: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.