YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 14

14
ԲՈՐՈՏՈՒԹԵՆԷ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Բորոտին օրէնքը այս ըլլալու է մաքրուելու օրը. Անիկա քահանային թող տարուի 3Եւ քահանան բանակէն դուրս թող ելլէ ու քահանան քննէ ու եթէ բորոտին բորոտութեան ախտը բժշկուած է, 4Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ մաքրուած մարդուն համար երկու ողջ եւ մաքուր թռչուն ու եղեւնափայտ ու կրկնակի կարմիր եւ զոպայ առնուի։ 5Եւ քահանան թող հրամայէ որ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ #14:5 Այսինքն, ակիկենդանի ջուրի վրայ մորթուի։ 6Ողջ թռչունն ու եղեւնափայտը եւ կրկնակի կարմիրն ու զոպան թող առնէ եւ ասոնք ողջ թռչունին հետ վազող ջուրին վրայ մորթուած թռչունին արեանը մէջ թող թաթխէ։ 7Բորոտութենէ բռնուած մարդուն վրայ եօթը անգամ սրսկէ ու մաքրէ զանիկա, իսկ ողջ թռչունը դէպի դաշտը արձակէ։ 8Եւ մաքրուելիք մարդը իր հանդերձները թող լուայ ու իր բոլոր մազերը ածիլէ եւ ջրով լուացուի ու մաքրուի։ Անկէ յետոյ բանակը թող մտնէ ու եօթը օր իր վրանէն դուրս կենայ։ 9Եւ եօթներորդ օրը իր բոլոր մազերը ածիլէ, իր գլուխն ու մօրուքը եւ յօնքերը, այսինքն իր բոլոր մազերը, ածիլէ եւ իր լաթերը լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ ու մաքրուի։
10Ութերորդ օրը երկու անարատ արու գառ ու մէկ տարեկան մէկ անարատ էգ գառ եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր ու մէկ ճաշակ իւղ թող առնէ։ 11Եւ մաքրող քահանան մաքրուելիք մարդը ասոնցմով Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ 12Եւ քահանան արու գառին մէկը թող առնէ ու մօտեցնէ յանցանքի պատարագի համար ու իւղին ճաշակը առնէ եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ երերցնելու ընծայ թող ընէ։ 13Գառը պիտի մորթէ մեղքի պատարագին ու ողջակէզին մորթուած տեղը, սուրբ տեղը պիտի մորթէ. վասն զի յանցանքի պատարագը մեղքի պատարագին պէս քահանայինն է։ Ասիկա ամենասուրբ է։ 14Եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու քահանան մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։ 15Եւ քահանան իւղին ճաշակէն քիչ մը իւղ թող առնէ ու իր ձախ ձեռքին մէջ թափէ։ 16Քահանան աջ մատը իր ձախ ձեռքը եղած իւղին մէջ թող թաթխէ ու իր մատովը Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ սրսկէ այն իւղէն։ 17Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ թող դնէ։ 18Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ Տէրոջը առջեւ։ 19Ետքը քահանան մեղքի պատարագը պէտք է մատուցանէ եւ իր անմաքրութենէն մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն ընէ ու անկէ յետոյ ողջակէզը մորթէ։ 20Քահանան ողջակէզն ու հացի ընծան սեղանին վրայ պէտք է մատուցանէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ անիկա պիտի մաքրուի։
21Բայց եթէ անիկա աղքատ ըլլայ ու այսչափ կարողութիւն չունենայ, այն ատեն անոր քաւութիւն ընելու համար երերցնելու յանցանքի պատարագի գառնուկ մը եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած տասնորդ մը բարակ ալիւր ու ճաշակ մը իւղ թող առնէ 22Եւ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ՝ ողջակէզ ըլլայ։ 23Ութերորդ օրը իր մաքրուելուն համար զանոնք քահանային թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ։ 24Քահանան թող առնէ յանցանքի պատարագին գառնուկն ու իւղին ճաշակը եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ որպէս երերցնելու ընծայ մատուցանէ։ 25Յանցանքի պատարագին գառնուկը պիտի մորթէ եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ, անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։ 26Քահանան մաս մը իւղ իր ձախ ձեռքին մէջ թող թափէ։ 27Եւ քահանան իր աջ մատովը իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ թող սրսկէ։ 28Եւ քահանան իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ՝ յանցանքի պատարագին արիւնը եղած տեղին վրայ թող քսէ։ 29Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ՝ Տէրոջը առջեւ անոր համար քաւութիւն ընելով։ 30Եւ տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն մէկը՝ որն որ գտնէ՝ 31Այսինքն որու որ իր ձեռքը հասնի, մէկը՝ մեղքի պատարագի համար եւ միւսը՝ ողջակէզի համար հացի ընծային հետ մէկտեղ թող մատուցանէ եւ քահանան մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ»։ 32Բորոտութեան ախտ ունեցողին ու իր մաքրուելուն համար կարողութիւն չունեցողին օրէնքը այս է»։
ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԲՈՐՈՏՈՒԹԻՒՆ
33Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 34«Երբ մտնէք Քանանի երկիրը՝ որ ձեզի իբր ստացուածք պիտի տամ, եթէ ձեր ստացուածքը եղած երկրին մէկ տանը մէջ բորոտութեան հարուածը տալու ըլլամ, 35Այն տանը տէրը պէտք է գայ ու իմացնէ քահանային՝ ըսելով. ‘Ինծի կ’երեւայ թէ տանս մէջ ախտ կայ’։ 36Քահանան պիտի հրամայէ որ տունը պարպեն, դեռ ինք քննելու համար ներս չմտած, որպէս զի տանը մէջ եղած բաներէն մէ՛կը անմաքուր չըլլայ ու անկէ ետք քահանան տունը քննելու պիտի մտնէ 37Եւ ախտին նշաններուն պիտի նայի ու եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ քիչ մը կանանչացած կամ կարմրած փոս տեղեր ըրեր է ու անոնք պատերէն ներս խորունկ կ’երեւնան, 38Այն ատեն քահանան տունէն թող ելլէ ու տանը դուռը եօթը օր թող գոցէ։ 39Եօթներորդ օրը քահանան նորէն պէտք է գայ ու նայի եւ եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ տարածուած է, 40Այն ատեն քահանան պիտի հրամայէ, որ ախտացեալ քարերը հանեն եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը նետեն զանոնք։ 41Տանը ներսը ամբողջութեամբ քերել թող տայ ու անոնց քերած հողը քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թող թափեն։ 42Եւ ուրիշ քարեր առնեն ու հին քարերուն տեղը դնեն եւ ուրիշ հող առնեն ու տունը ծեփեն։ 43Եւ եթէ քարերը հանելէն ետքը ու տունը քերելէ եւ ծեփելէ ետքը ախտը նորէն գայ ու տանը մէջ երեւան ելլէ, 44Այն ատեն քահանան թող գայ ու քննէ եւ եթէ ախտը տանը մէջ տարածուած է, տանը մէջ բորբոքած բորոտութիւն կայ. անմաքուր է այն։ 45Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը ու տանը բոլոր ծեփուած հողը, փլցնէ եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թափէ։ 46Եւ ով որ այն տունը մտնէ անոր բոլոր գոցուած օրերը, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի 47Եւ այն տունը պառկողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու այն տանը մէջ հաց ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ։ 48Եւ եթէ քահանան գայ ու քննէ որ տունը ծեփուելէն ետքը ախտը անոր մէջ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան այն տանը մաքուր ըլլայ թող ծանուցանէ, վասն զի ախտը բժշկուած է։ 49Տանը մաքրութեանը համար երկու թռչուն ու եղեւնափայտ եւ կրկնակի կարմիր ու զոպայ թող առնէ։ 50Եւ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ թող մորթէ՝ կենդանի ջուրի վրայ։ 51Եւ եղեւնափայտն ու զոպան եւ կրկնակի կարմիրն ու ողջ թռչունը թող առնէ ու զանոնք մորթուած թռչունին արեանը եւ այն կենդանի ջուրին մէջ թաթխէ ու եօթը անգամ տանը վրայ սրսկէ 52Եւ թռչունին արիւնովը ու այն կենդանի ջրով եւ այն ողջ թռչունով ու եղեւնափայտով եւ զոպայով ու կրկնակի կարմիրով թող մաքրէ տունը։ 53Ողջ թռչունը քաղաքէն դուրս դէպի դաշտը թող արձակէ ու տանը համար քաւութիւն ընէ եւ պիտի մաքրուի ան»։
54Բոլոր բորոտութեան ախտին ու գոնջութեան 55Եւ հանդերձի կամ տան բորոտութեան 56Եւ ուռեցքի ու քոսի եւ պաղպաջի օրէնքը այս է։ 57#14:57 կամ, Բան մը ե՛րբ անմաքուր է ու ե՛րբ մաքուր է, ինչ ընելիքըԲանի մը անմաքուր ըլլալը եւ կամ անոր մաքրուիլը՝ ՝ սորվեցնելու համար՝ բորոտութեան օրէնքը այս է։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 14: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Videos for ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 14