ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 13
13
ՄՈՐԹԱՅԻՆ ՈՒՌԵՑՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Եթէ մարդու մը մարմնին մորթին վրայ ուռեցք կամ քոս կամ պաղպաջ ըլլալով՝ անոր մարմնին մորթին վրայ բորոտութեան ախտին պէս նշան մը երեւնալու ըլլայ, այն ատեն անիկա Ահարոն քահանային կամ անոր որդիներէն՝ քահանաներէն՝ մէկուն պէտք է բերուի։ 3Եւ քահանան թող նայի մարմնին մորթին վրայ եղած ախտին նշաններուն ու եթէ ախտին մէջի մազերը ճերմակի դառնալով՝ ախտը մարմնին մորթէն խորունկ երեւնայ, բորոտութեան ախտ է այն։ Քահանան թող նայի անոր ու #13:3 Եբր., զանիկա անմաքուր թող սեպէթող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը՝ ՝։ 4Բայց եթէ անոր մարմնին մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար եւ մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ ախտաւորը։ 5Եւ քահանան եօթներորդ օրը թող նայի անոր ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, բայց մորթին վրայ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ զանիկա։ 6Եւ քահանան եօթներորդ օրը նորէն թող նայի անոր ու եթէ սպիացած ըլլայ ու մորթին մէջ տարածուած չըլլայ, քահանան #13:6 Եբր., զանիկա մաքուր թող սեպէթող ծանուցանէ անոր մաքուր ըլլալը՝ ՝։ Ասիկա միայն քոս մըն է եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ 7Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն քննուելէն ետքը՝ քոսը մորթին մէջ տարածուի, քահանան նորէն թող նայի անոր։ 8Եւ քահանային նայած ատենը եթէ քոսը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Բորոտութիւն է ատիկա։
9Եթէ մարդու մը վրայ բորոտութեան ախտը ըլլայ, անիկա քահանային պէտք է տարուի։ 10Եւ քահանան թող նայի եւ եթէ մորթին մէջ ճերմակ ուռեցք կայ ու ճերմակի դարձեր է մազը եւ ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ, 11Ասիկա անոր մարմնին մորթին վրայ հինցած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ գոցուած չպահէ զանիկա, վասն զի անմաքուր է։
12Եթէ բորոտութիւնը մորթին վրայ տարածուեր է ու ախտաւորին բոլոր մորթը գլխէն մինչեւ ոտքը, այսինքն քահանային աչքերուն բոլոր տեսած տեղերը, բորոտութիւնը պատեր է, 13Եւ քահանան տեսնէ որ բորոտութիւնը անոր բոլոր մարմինը պատած է, այն ատեն ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. քանզի բոլորովին ճերմակ դարձած է։ Անիկա մաքուր է։ 14Բայց երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, անիկա անմաքուր պիտի սեպուի։ 15Եթէ քահանան տեսնէ ողջ միսը, անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։ 16Իսկ եթէ ողջ միսը փոխուի նորէն ու ճերմակի դառնալու ըլլայ, այն ատեն քահանային թող գայ 17Եւ քահանան քննէ զանիկա ու եթէ ախտը ճերմակի դարձեր է, այն ատեն քահանան ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա մաքուր է։
18Եթէ մարմնին մորթին վրայ պալար ըլլայ ու առողջանայ 19Եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ մնայ, քահանային թող ցուցուի այն։ 20Եւ երբ քահանան տեսնէ թէ մորթէն ցած կ’երեւնայ եւ մազը ճերմակի դարձած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա պալարէ ելած բորոտութեան ախտ է։ 21Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ ու մորթէն ցած չէ՝ բայց սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ 22Եթէ մորթին վրայ տարածուած ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ախտ է այն։ 23Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու չէ տարածուեր, պալարին սպին է. քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։
24Իսկ եթէ մարմնին մորթին վրայ կրակի այրած ըլլայ ու #13:24 Կամ, այրածը առողջանալովայրածին նշանը՝ ՝ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, 25Քահանան անոր նայած ատենը՝ եթէ պաղպաջին մէջ մազը ճերմակի դարձած է ու մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, անիկա այրածէն առաջ եկած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ 26Բայց եթէ քահանային նայած ատենը, պաղպաջին մէջ մազը ճերմակ չէ ու մորթէն խորունկ չէ, հապա սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ 27Եօթներորդ օրը քահանան թող նայի անոր. եթէ մորթին մէջ տարածուած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ 28Եւ եթէ պաղպաջը իր տեղ կը կենայ ու մորթին վրայ տարածուած չէ, հապա աղօտացած է, անիկա այրածին ուռեցքն է։ Քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. վասն զի այրածին սպին է։ 29Եւ եթէ մարդու մը կամ կնոջ մը գլուխը կամ կզակը ուխտ մը ըլլայ, 30Քահանան թող քննէ ախտը եւ եթէ մորթէն խորունկ երեւնայ ու անոր մէջ բարակ դեղին մազ ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա գոնջութիւն է, գլուխի կամ կզակի բորոտութիւն է։ 31Եւ եթէ քահանան գոնջութեան ախտը տեսնէ որ մորթէն խորունկ չերեւնար ու անոր մէջ սեւ մազ չկայ, այն ատեն քահանան գոնջութեան ախտացածը եօթը օր գոցուած թող պահէ։ 32Եօթներորդ օրը քահանան ախտաւորին թող նայի ու եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ եւ անոր մէջ դեղին մազ չկայ ու գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չերեւնար, 33Անիկա թող ածիլուի, բայց գոնջութիւնը թող չածիլէ։ Քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ գոնջութիւն ունեցողը։ 34Եօթներորդ օրը քահանան գոնջութիւն ունեցողը թող քննէ եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուած չէ ու մորթէն խորունկ չերեւնար, այն ատեն քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ 35Բայց եթէ իր մաքրուելէն ետքը գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուի, 36Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած է, այն ատեն քահանան ա՛լ դեղին մազ թող չփնտռէ։ Անիկա անմաքուր է։ 37Բայց եթէ գոնջութիւնը եղածին պէս կը կենայ եւ անոր մէջ սեւ մազ բուսեր է, գոնջութիւնը բժշկուած է։ Անիկա մաքրուած է, ուստի քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։
38Եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմնին մորթին վրայ պաղպաջներ, այսինքն ճերմակ պաղպաջներ ունենայ, 39Այն ատեն քահանան թող քննէ եւ եթէ անոնց մարմիններուն մորթին վրայի պաղպաջները սպիացած ճերմակ ըլլան, ըսել է թէ մորթին մէջ գոյացածը պիսակ է։ Անիկա մաքուր է։
40Եթէ մարդու մը գլխուն մազը թափելու ըլլայ, անիկա կնտակ է, բայց մաքուր է։ 41Եւ եթէ անոր երեսին կողմէն գլխուն մազերը թափած ըլլան, անիկա ճեղ է, բայց մաքուր է։ 42Բայց եթէ կնտութեան կամ ճեղութեան մէջ քիչ մը կարմրած ճերմակ վէրք ըլլայ, ան, կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ գոյացած բորոտութիւն է։ 43Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ անոր կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ, վէրքին ուռեցքը քիչ մը կարմրած ճերմակ ըլլայ, մարմնին մորթին վրայ եղած բորոտութեան երեւոյթին պէս, 44Այն մարդը բորոտ է, անմաքուր է. քահանան անպատճառ անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անոր ախտը իր գլխուն վրայ է։
45Ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը թող պատռուի եւ անոր գլուխը մերկ ու անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։ 46Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ։
ԲՈՐՈՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
47Այն հանդերձը, որուն մէջ բորոտութեան ախտ կայ, բուրդէ հանդերձ ըլլայ, կամ քթանէ հանդերձ, 48Քթանեղէնի կամ բրդեղէնի առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթի մէջ եւ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, 49Այսինքն՝ եթէ հանդերձի կամ մորթի մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ քիչ մը կանանչ կամ կարմրած ախտի նշան ըլլայ, բորոտութեան ախտ է, ուստի քահանային թող ցուցուի։ 50Եւ քահանան պէտք է քննէ ախտը ու եօթը օր գոցուած պահէ ախտացեալ բանը։ 51Եօթներորդ օրը ախտացեալ բանին թող նայի. եթէ ախտին նշանը տարածուած է հանդերձի մը մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթի մէջ եւ կամ գործածուելու համար մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, այս ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։ 52Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը կամ առէջ կամ թեզանը կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանը, որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետեւ բորբոքած բորոտութիւն է ան, կրակով պէտք է այրուի։ 53Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ախտին նշանը հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանի մէջ տարածուած չէ, 54Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ այն ախտացեալ բանը լուան ու նորէն եօթը օր գոցուած պահէ զայն։ 55Ախտացեալ բանին լուացուելէն ետքը եթէ քահանան տեսնէ, որ ախտին նշանը իր գոյնը չէ փոխեր ու ախտը տարածուած ալ չէ, անիկա անմաքուր է. կրակի մէջ պէտք է այրես զայն։ Անոր տակ կամ վրայ փտտութիւն կայ։ 56Եթէ քահանան տեսնէ թէ անոր լուացուելէն ետքը ախտին նշանը սպիացած է, այն ատեն ախտացեալ մասը հանդերձէն կամ առէջէն եւ կամ թեզանէն թող պատռէ։ 57Եւ եթէ հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրէ՛։ 58Եւ այն հանդերձը կամ առէջը կամ թեզանը, կամ ոեւէ մորթէ շինուած բան, որ լուացուելէն ետքը ախտը անկէ գացած է, նորէն թող լուացուի, որ մաքրուի»։ 59Բուրդէ կամ քթանէ հանդերձի մէջ կամ առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքուր կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 13: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.