ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 11
11
ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՏԵԼ
(Բ. Օր. 14:3-21)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք. Երկրի վրայ եղած բոլոր անասուններէն հետեւեալ անասունները պիտի ուտէք. 3Ամէն ճեղքուած կճղակ ունեցող կճղակաբաշխ ու որոճացող անասուն կրնաք ուտել։ 4Բայց որոճացողէն կամ կճղակաբաշխ եղածէն հետեւեալները պիտի չուտէք՝ ուղտը, վասն զի անիկա թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ 5Եւ ճագարը, վասն զի անիկա կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ 6Եւ նապաստակը, որ թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ 7Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է եւ ճեղքուած կճղակ ունի, բայց չ’որոճար, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ 8Ասոնց միսէն մի՛ ուտէք ու դիակներուն մի՛ դպչիք. ձեզի անմաքուր են։
9Ջուրերու մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէք՝ ջուրերու մէջ, այսինքն ծովերու մէջ եւ գետերու մէջ բոլոր թեւ ու թեփ ունեցողը կրնաք ուտել։ 10Եւ ծովերու մէջ ու գետերու մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները՝ ջուրերուն բոլոր զեռունները եւ ջուրերուն մէջ եղած շունչ ունեցող բոլոր կենդանիները՝ պիղծ ըլլան ձեզի։ 11Անոնք ձեզի պիղծ ըլլան. անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներէն զզուեցէ՛ք։ 12Ջուրերուն մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները ձեզի պիղծ ըլլան։
13Եւ թռչուններուն մէջ հետեւեալները պիղծ պիտի սեպէք, պիտի չուտէք։ Պիղծ են արծիւը եւ պսկուճը ու գետարծիւը 14Եւ ցինն ու անգղը իր տեսակին պէս 15Եւ ագռաւը իր տեսակին պէս 16Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իրենց տեսակին պէս 17Եւ հաւպատիրն ու հողամաղը եւ քաջահաւը 18Եւ կարապը եւ հաւալուսը ու սեւ անգղը 19Եւ արագիլն ու քարադրը իրենց տեսակին պէս եւ յոպոպն ու չիղջը։
20Ամէն չորս ոտքի վրայ քալող թռչող զեռուն ձեզի պիղծ սեպեցէք։ 21Սակայն հետեւեալները կերէք. չորս ոտքի վրայ քալող բոլոր թռչող զեռուններէն՝ երկրի վրայ ցատկելու համար՝ ոտքերնուն վրայ ազդր ունեցողները։ 22Անոնցմէ հետեւեալները կերէք՝ մարախը իր տեսակին պէս ու գրուիճը իր տեսակին պէս եւ խարագուլը իր տեսակին պէս ու ջորեակը իր տեսակին պէս։ 23Բայց մնացած բոլոր չորս ոտքով թռչող զեռունները ձեզի պիղծ ըլլան։ 24Անոնցմով դուք անմաքուր պիտի ըլլաք. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 25Եւ բոլոր անոնց դիակները վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 26Բոլոր անասունները, որոնք կճղակաբաշխ են, բայց կճղակնին ճեղքուած չէ եւ չեն որոճար, անմաքուր են ձեզի. ով որ անոնց դիակներուն դպչի, անմաքուր պիտի ըլլայ։
27Եւ բոլոր չորս ոտքի վրայ քալող անասուններէն՝ բոլոր թաթերնուն վրայ քալողները անմաքուր ըլլան ձեզի. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 28Եւ անոնց դիակները վերցնողը իր լաթերը պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. անոնք անմաքուր են ձեզի։
29Եւ երկրի վրայ սողացող սողուններուն մէջ հետեւեալները անմաքուր են ձեզի՝ աքիսն ու մուկը եւ #11:29 կամ, կրիանտիտեռը իրենց տեսակին պէս 30Եւ կովադիան ու մողէսը եւ քարաթօշը ու խոմէթը եւ գետնառիւծը։ 31Բոլոր սողացողներուն մէջ ձեզի անմաքուր եղածները ասոնք են։ Անոնց մեռածին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
32Եւ անոնցմէ մեռած մը ինչ բանի վրայ որ իյնայ, փայտէ աման ըլլայ կամ հանդերձ կամ մորթ կամ քուրձ, ի՛նչ տեսակ գործածական աման որ ըլլայ, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Ջուրը պիտի ձգուի ան ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ետքը մաքուր սեպուի։ 33Անոնցմէ ոեւէ մէկը, որ հողէ ամանին մէջ իյնալու ըլլայ, ամանին մէջ եղածը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Այն ամանը պէտք է կոտրէք։ 34Ամէն ուտելու կերակուր, որուն վրայ #11:34 Կամ, այսպէս ջուր գայջուր կայ ու ասոնցմէ ոեւէ մէկը մէջը իջնայ՝ ՝, անմաքուր պիտի ըլլայ. նոյնպէս ամէն ամանի մէջ եղած բոլոր խմուելիքը անմաքուր պիտի ըլլայ։ 35Եւ ամէն բան, որուն վրայ ասոնց դիակը կ’իյնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. թէ՛ թոնիր ըլլայ եւ թէ՛ վառարան, պիտի աւրուի. ասոնք անմաքուր են ու անմաքուր պիտի սեպուին ձեզի։ 36Բայց աղբիւրը կամ հորը, #11:36 Կամ, կամ ջրակուտակըուր հաւաքուած ջուր կայ՝ ՝, մաքուր պիտի ըլլայ. սակայն անոնց դիակներուն դպչողը անմաքուր պիտի ըլլայ։ 37Եւ եթէ անոնց դիակը ցանուելու սերմի վրայ իյնայ, մաքուր պիտի ըլլայ այն։ 38Բայց եթէ սերմին վրայ ջուր դրուած ըլլայ ու անոր վրայ անոնց դիակը իյնայ, այն ձեզի անմաքուր պիտի ըլլայ։
39Եւ եթէ ձեր ուտելու կենդանիներէն մէկը մեռնի, անոր դիակին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 40Եւ անոր դիակէն ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ եւ անոր դիակը վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
41Երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն պիղծ է. պէտք չէ ուտուի այն։ 42Երկրի վրայ բոլոր սողացող սողունները՝ իր փորին վրայ քալողը կամ չորս ոտքի վրայ պտըտողը եւ կամ բազմոտանի եղածները մի՛ ուտէք, վասն զի պիղծ են։ 43Ոեւէ սողունով անձերնիդ մի՛ պղծէք. անոնցմով պղծուելով անձերնիդ անմաքուր մի՛ ընէք։ 44Որովհետեւ ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ։ Բնաւ երկրի վրայ սողացող ոեւէ զեռունով անձերնիդ մի՛ պղծէք։ 45Քանզի ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէս զի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։
46Չորքոտանիներուն եւ թռչուններուն ու ջուրերուն մէջ շարժող բոլոր շնչաւոր կենդանիներուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն օրէնքը այս է. 47Որպէս զի անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ եւ ուտուելու անասունին ու չուտուելու անասունին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք։
Currently Selected:
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 11: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.