ԵԼԻՑ 40
40
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը 3Եւ անոր մէջ դի՛ր վկայութեան տապանակը ու վարագոյրով ծածկէ՛ զայն։ 4Սեղանը ներս բե՛ր ու անոր վրայ շարուելու հացերը շարէ՛ եւ աշտանակը ներս բե՛ր ու անոր ճրագները վառէ՛։ 5Վկայութեան տապանակին առջեւ դի՛ր խունկին ոսկի սեղանը ու խորանին վարագոյրը դի՛ր։ 6Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին դրանը առջեւ ողջակէզի սեղանը դի՛ր։ 7Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը ու անոր մէջ ջուր դի՛ր։ 8Շուրջանակի սրահը կանգնեցո՛ւր ու սրահին դրանը վարագոյրը դի՛ր։ 9Օծման իւղը ա՛ռ ու խորանը եւ անոր մէջ եղած ամէն բաները օծէ՛ եւ զանիկա ու անոր ամէն անօթները սրբէ՛, որպէս զի սուրբ ըլլան։ 10Ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները օծէ՛, ու սեղանը՝ սրբէ՛ եւ սեղանը #40:10 Եբր., սրբութիւն սրբութեանցամենասուրբ թող ըլլայ։ 11Աւազանը ու անոր խարիսխը օծէ՛ ու սրբէ՛ զանիկա։ 12Ահարոնը ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը մօտեցո՛ւր ու զանոնք ջրով լուա՛։ 13Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ 14Անոր որդիներն ալ մօտեցո՛ւր ու անոնց շապիկներ հագցո՛ւր։ 15Անոնց հայրը օծածիդ պէս օծէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց օծումը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական քահանայութեան համար թող ըլլայ»։
16Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։ 17Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։ 18Մովսէս կանգնեցուց խորանը ու անոր խարիսխները դրաւ եւ անոր տախտակները կանգնեցուց ու անոր նիգերը անցուց ու սիւները կանգնեցուց։ 19Խորանին վրայ տարածեց վրանը ու վերէն վրանին ծածկոցը անոր վրայ դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 20Վկայութիւնը առաւ ու տապանակին մէջ դրաւ եւ ձողերը տապանակին վրայ անցուց ու վերէն տապանակին վրայ քաւութիւնը դրաւ։ 21Տապանակը խորանին մէջ բերաւ ու ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ վկայութեան տապանակը ծածկեց՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 22Վկայութեան վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրին դուրսիդին դրաւ սեղանը։ 23Անոր վրայ հացերը շարեց Տէրոջը առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 24Վկայութեան վրանին մէջ, սեղանին դէմ, խորանին հարաւային կողմը դրաւ աշտանակը։ 25Տէրոջը առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 26Վկայութեան վրանին մէջ վարագոյրին առջեւ դրաւ ոսկի սեղանը 27Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 28Խորանին դրանը վարագոյրը դրաւ։ 29Եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, դրանը քով ողջակէզին սեղանը դրաւ ու անոր վրայ ողջակէզը ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 30Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը եւ անոր մէջ լուացուելու համար ջուր դրաւ։ 31Մովսէս ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անկէ կը լուային։ 32Վկայութեան վրանը մտած ատեննին եւ սեղանին մօտենալու ատեննին կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 33Խորանին ու սեղանին բոլորտիքը սրահը կանգնեցուց եւ սրահին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս բոլոր գործը լմնցուց։
ԱՄՊԸ ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
34Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։ 35Մովսէս չէր կրնար մտնել վկայութեան վրանը վասն զի ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջը փառքը լեցուցեր էր խորանը։ 36Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին։ 37Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալու օրը չէին չուեր։ 38Քանզի ցորեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի բոլոր #40:38 Եբր., տանըժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 40: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.