YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4

4
ՅՈՎՆԱՆԻ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ
1Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ 2Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս։ 3Եւ հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։ 4Տէրը ըսաւ. «#4:4 Կամ, Իրա՞ւ է որ խիստ նեղացեր եսՄիթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես՝ ՝»։
5Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ ու քաղաքին արեւելեան կողմը նստաւ եւ հոն իրեն տաղաւար մը շինեց ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի։ 6Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ։ Եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ։
7Հետեւեալ օրը, առտուն, Աստուած հրամայեց որդի մը, որ դդմենիին զարնէ ու անիկա չորցաւ։ 8Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց ու արեւը Յովնանի գլխուն զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ ու իրեն մահը ուզելով՝ ըսաւ. «Մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։
9Եւ Աստուած Յովնանին ըսաւ. «Միթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես»։ Անիկա ըսաւ. «Մեռնելու չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ»։
10Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ։ 11Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։

Currently Selected:

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in