1
ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս։
Compare
Explore ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4:2
2
ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4:10-11
Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ։ Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։
Explore ՅՈՎՆԱՆՈՒ 4:10-11